Որոնել

Ժուժկալութեան պարգեւը հաւասարակշռութիւնն է. Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնը

«Ժուժկալութեան հետ երջանկութիւնը ուրախութիւն է, որ կը ծաղկի սրտին մէջ անոր որ կը ճանչնայ և կը գնահատէ։ Աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի մեզ պարգեւէ հասունութեան, տարիքի, զգացմունքային հասունութեան, սոցիալական հասունութեան պարգևը: Ժուժկալութեան պարգևը» ըսաւ Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ։

Շարունակելով առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ժուժկալութեան առաքինութեան մասին, որ գլխաւոր առաքինութիւններու չորրորդ ու վերջինն է։

Ժուժկալութիւնը

«Անիկա միւս գլխաւոր առաքինութիւններուն հետ միասին որպէս նպատակ ունի երջանկութիւնը։ Կարողութիւնն է տիրապետելու մենք մեր անձին վրայ, արուեստն է, ըմբոստ կրքերու չի հպատակելու եւ սիրտին մէջ կարգ ու կանոն դնելու» ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին ուր կը նշուի որ «ժուժկալութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը չափաւորէ հաճոյքներուն հրապոյրը եւ հաւասարակշռութիւն կը հայթայթէ արարչութեան բարիքներուն գործածութեան մէջ։ Ան կ՛ապահովէ ինքնատիրացումը կամքին բնազդներուն վրայ եւ կը պահէ բաղձանքները պարկեշտութեան սահմաններէն ներս։ Ժուժկալ անձը իր զգացական ախորժակները կ՛ուղղէ դէպի բարին,կը պահէ առողջ խոհականութիւնը եւ չի հետեւիր սրտին կիրքերուն (1809)։

Արդար չափաւորութեան առաքինութիւն

«Ժուժկալութիւնը ուստի արդար չափաւորութեան առաքինութիւնն է։ Ժուժկալ անձը, որեւէ իրավիճակին մէջ կը գործէ իմաստութեամբ եւ դատողութեամբ։

Աշխարհի մը մէջ ուր շատ մարդիկ կը հպարտանան իրենց մտածածը ըսելով, ժուժկալ մարդը կը նախընտրէ մտածել այն բանի մասին, որ պիտի ըսէ: Ան ունայն խոստումներ չտար, այլ պարտաւորութիւններ կը ստանձնէ այնքանով, որքանով ինք կարող է զանոնք բաւարարել։ Նոյնիսկ հաճոյքներու դէպքի պարագային ժուժկալ մարդը խելամիտ կերպով կը գործէ» ըսաւ Սրբազան Պապը հարց տալով. «Քանի՞ անձեր, որոնք մոլեգնօրէն ցանկացած էին ամէն ինչ փորձել, կորսնցուցին ամէն ինչի համը» ու հաստատեց. «Աւելի լաւ է, ճիշտ չափանիշը փնտռել. օրինակ՝ լաւ գինին գնահատելու համար, աւելի լաւ է փոքր կումերով համտեսել զայն քան մէկ շունչով խմելը»։

«Ժուժկալ մարդը գիտէ լաւ կշռել ու չափել բառերը» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը։ «Ան թոյլ չի տար, որ զայրոյթի պահը փճացնէ յարաբերութիւններն ու ընկերութիւնները, որոնք միայն դժուարութեամբ կը վերականգնուին։ Կայ խօսելու եւ կայ լռելու ժամանակ, եւ երկուքն ալ կը պահանջեն չափաւորութիւն»։

Ժուժկալութեան պարգեւը հաւասարակշռութիւնն է

«Եթէ​​ ժուժկալ մարդը գիտէ, թէ ինչպէս վերահսկել իր դիւրագրգռութեան վրայ, ասիկա չի նշանակեր, որ մենք զայն միշտ պիտի տեսնենք խաղաղ ու ժպտացող դէմքով» աւեցուց ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ «Իրականութեան մէջ երբեմն պէտք է վրդովուիլ, բայց միշտ ճիշտ ձեւով։ Յանդիմանութեան խօսք մը երբեմն աւելի առողջարար է, քան թթուային ու զայրացած լռութիւնը»:

«Փաստօրէն, մեր աշխարհին մէջ ամէն ինչ կը մղէ դէպի ծայրայեղութիւն։ Մինչ ժուժկալութեան պարգեւը հաւասարակշռութիւնն է։ Ան կը համընկնի աւետարանական վերաբերմունքի հետ, ինչպիսիք են փոքրութիւնը, խոհեմութիւնը, թաքնութիւնը, հեզութիւնը: Ժուժկալ մարդը կը յարգէ եւ կը գնահատէ միւսները...անիկա զգայուն մարդ է, գիտէ նաեւ լալ։ Երբ պարտուի գիտէ դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու երբ յաղթական է կարող է վերադառնալ իր սովորականն թաքուն կեանքին»։

Ժուժկալութեան հետ երջանկութիւնը ուրախութիւն է

«Ճիշտ չէ, որ ժուժկալութիւնը կը դարձնէ մոխրագոյն և անուրախ: Ընդհակառակը ան մեզ կը մղէ աւելի լաւ վայելելու կեանքին բարիքները. սեղանի շուրջ միասին ըլլալը. որոշակի բարեկամական յարաբերութիւններու քնքշութիւնը, վստահութիւնը իմաստուն մարդկանց հանդէպ, զարմանքը ստեղծագործութեան գեղեցկութեան համար»:

«Ժուժկալութեան հետ երջանկութիւնը ուրախութիւն է, որ կը ծաղկի սրտին մէջ անոր որ կը ճանչնայ և կը գնահատէ։ Աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի մեզ պարգեւէ հասունութեան, տարիքի, զգացմունքային հասունութեան, սոցիալական հասունութեան պարգևը: Ժուժկալութեան պարգևը» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 09:31

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >