Որոնել

«Զօրութիւնը ամէնէն պայքարող առաքինութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Զօրութիւնը այս բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն մէջ կ՛ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը, բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՛ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքի մէջ։ Զօրութեան առաքինութիւնը կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն (Թիւ. 1808)»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուան քրիստոնէականը նուիրուած է երրորդ գլխաւոր առաքինութեան` այսինքն Զօրութիւնը»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ 10 ապրիլ 2024-ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն առանցքը եղաւ զօրութեան առաքինութիւնը։

Ըստ կաթողիկէ քրիստոնէականին. «Զօրութիւնը այս բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն մէջ կ՛ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը, բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՛ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքի մէջ։ Զօրութեան առաքինութիւնը կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն (Թիւ. 1808)»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Առանց քաջութեան քրիստոնեայ մը անպէտ քրիստոնեայ է

«Զօրութիւնը ամէնէն պայքարող առաքինութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Եթէ գլխաւոր առաքինութիւններէն առաջինը, այսինքն խոհեմութիւնը, զօդուած է մարդու բանականութեան, արդարութիւնը իր բնակարանը կը գտնէ կամքին մէջ այս երրորդ առաքինութիւնը յաճախ կապուած է այն ինչ որ հիները կը կոչէին «դիւրագրգիռ ախորժակ»։ Անիկա արդարեւ թոյլ կու տայ կրթել մեր կիրքերը` եւ «այս կարելի է Մկրտութեան ջուրով կամ աւելի լաւ Սուրբ Հոգիին կրակով» յարեց Նորին Սրբուիւնը։

«Առանց քաջութեան քրիստոնեայ մը անպէտ քրիստոնեայ է» աւելցուց Ան, ապա մեկնաբանեց զօրութեան առաքինութեան երկեակ ընթացքը` ըլլայ բացասական, ըլլայ դրական։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Զօրութիւնը նախ եւ առաջ յաղթանակ մըն է մենք մեր անձին դէմ

Առաջինն ուղղուած է մեր ներքինին։ Կան ներքին թշնամիներ, զոր պէտք է յաղթենք, որոնք կը հնչեն անհանգստութեան, վիշտի, վախի, մեղքի անունով. Բոլորն ալ ուժեր, որոնք մեր մէջ կը շարժին ու որոշ իրավիճակներուն մէջ մեզ անշարժ կը դարձնեն։

«Զօրութիւնը նախ եւ առաջ յաղթանակ մըն է մենք մեր անձին դէմ։ Վախերուն մեծ մասը, որ մեր մէջ կը ծագին անիրական են եւ երբեք իրականութիւն չեն դառնար։ Ասոր համար լաւ է հայցել Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը ու ամէն բան դիմագրաւել համբերատար զօրութեամբ, ամէն խնդիր դիմագրաւել առանցին, կարգով, բայց ոչ միայնակ, Տէրը մեզ հետն է, եթէ մենք Անոր վստահինք ու անկեղծութեամբ փնտռենք բարին» ըսաւ Քահանայապետը, հրաւիրելով` իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ «յոյսը դնել Աստուծոյ Նախախնամութեան վրայ, որ կը գործէ որպէս մեր վահանն ու զրահը»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Պայքար արտաքին թշնամիներուն դէմ

«Զօրութեան առաքինութիւնը ապա մեզ կը մղէ պայքարելու արտաքին թշնամիներուն դէմ, որոնք կեանքին փորձանքներն են, հալածանքները, դժուարութիւնները, որոնք միշտ մեզի կը սպասեն ու կը զարմացնեն։ Արդարեւ մենք չենք կրնար նախատեսել այն ինչ, որ մեզի պիտի պատահի եւ շատ անգամ մեր նաւակը կը տարուբերուի ալիքներէն. Զօրութիւնը մեզ կը դարձնէ կայուն նաւաստիներ, որոնք չեն վախնար եւ յուսահատութեան չեն մատնուիր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

«Զօրութիւնը հիմնական առաքինութիւն մըն է, որովհետեւ լուրջի կ՛առնէ աշխարհին չարիքին մարտահրաւէրը։ Ոմանք այնպէս կը ձեւացնեն, որ չարը գոյութիւն չունի ու թէ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ, թէ պատմութեան մէջ մահ բերող մութ ուժեր չկան...բայց բաւարար է թերթատել պատմութեան գիրգ մը կամ թերթերը, բացայայտելու համար այն վայրագութիւնները, որոնց մասամբ զոհ ենք եւ մասամբ դերակատարներ. պատերազմները, բռնութիւնները, ստրկութիւնը, աղքատներու ճնշումը, երբեք չբուժուած վէրքերը, որոնք դեռ կ՛արիւնին»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Ոչ» ըսել չարին

«Զօրութեան առաքինութիւնը կը ստիպէ մեզ արձագանքել և վճռական «ոչ» ըսել այս ամէնուն։ Մեր յարմարաւէտ Արևմուտքին մէջ... որ պայքարի կարիք չունի, քանի, որ ամէն ինչ իրեն նոյնը կը թուայ, երբեմն մարգարէներուն առողջ կարօտը կը զգանք։

Սակայն հազուադէպ են տեսլականով մարդիկը ու պէտք ունինք մէկու մը, որ մեզ հանէ հանգստաւէտ փափուկ տեղէն, եւ ստիպէ մեզ վճռականօրեն կրկնել մեր «ոչ»-ը` չարին և այն ամէն բաներուն, որոնք մեզ կը տանին անտարբերութեան։ Ոչ չարին եւ ոչ անտարբերութեան, այո ուղեւորութեան` որ թոյլ կու տայ զարգանալ եւ ասոր համար պէտք է պայքարիլ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ խորհրդածութեան աւարտին հրաւիրեց` «վերագտնելու Յիսուսին ամրութիւնը Աւետարանին մէջ եւ զայն սորվելու սուրբերու վկայութենէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2024, 09:27

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >