Որոնել

ՅԱՃԱԽ ՏՐՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Ի՞նչ է Վատիկան Նիուզը

Վատիկան Նիուզը Վատիկանի տեղեկատուական նոր կայքէջն է ուր կարելի է գտնել լուրեր՝ Ֆրանիսչկոս Պապի, Սուրբ Աթոռի ու աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ եւ միջազգային այժմէականութեան մասին։ Վատիկան Նիուզ ներկայ է նաեւ ընկերային առաջնակարգ ցանցերու վրայ. «Ֆէյսբուք», «Թուիթըր», «ԵուԹուպ» եւ «Ինսթակրամ»։

Որո՞ւ  կարող եմ հաղորդել Վատիկան Նիուզի հայող գիտարուեստական հարցեր։

Եթէ կայքէջի կամ Վատիկան Նիուզի տեղեկագիրին հայող գիտարուեստական հարցեր կ՛ուզես փոխանցել կրնաս գրել հետեւեալ էլ-հասցէին  narek@vaticannews.va  կամ webmaster@vaticannews.va

Կրնա՞մ Վատիկան Նիուզի վրայ հրապարակուած նիւթերը օգտագործել։

Վատիկան Նիուզի հրապարակած նիւթերու գործածութեան պայմաններուն եւ անոնց օգտագործման համար քեզ կը հրաւիրենք կարդալ «Իրաւական ծանօթութիւններու» էջը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական ճառերը ու՞ր կրնամ գտնել։

Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական ու լման ճառերը կարդալու համար կը հրաւիրենք քեզ այցելել Քահանայապետին յատկացուած  Վատիկանի պաշտօնական կայքը։

Ի՞նչպէս կարող եմ գիտնալ Քահանայապետական ձեռնարկներու թուականները։

Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած արարողութիւններու մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար, քեզ կը հրաւիրենք այցելել Վատիկանի պաշտօնական էջը, նուիրուած՝ Ծիսական Արարողութիւններու օրացոյցին։

Ի՞նչպէս կարելի է Քահանայապետական օրհնագիրեր ձեռք բերել։

Առաքելական Օրհնագիրերը ստանալու հարկաւոր տեղեկութիւններն ու պայմանները ճանչնալու համար դիմէ Առաքելական Ողորմաբաշխութեան կայքին։ 

Ի՞նչպէս կարելի է ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցիլ։

Ընդհանուր  ունկնդրութիւններուն մասնակցելու տոմսերը անվճար են։ Տեղեկութեան համար քեզ կը հրաւիրենք դիմել Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութեան կայքին։ 

Ո՞ր հասցէով կարող եմ գրել Ֆրանչիսկոս Պապին։

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակ ուղարկելու համար հարկաւոր է զայն հասցէագրել. “Sua Santità Papa Francesco. Casa Santa Marta. 00120 Città del Vaticano”։

Ի՞նչպէս կարող եմ նուիրատուութիւն ընել ի նպաստ Քահանայապետի բարեսիրական գործունէութեան։

Քահանայապետական բարեսիրական գործունէութիւնը յանձնուած է Սուրբ Պետրոսի գանձանակին։ Թիկունք կանգնելու համար Տիեզերական եկեղեցւոյ բազմատեսակ կարիքներուն, ու անոր զօրակցութեան նախաձեռնութիւններուն ի նպաստ կարիքաւորներուն, բոլոր տեղեկութիւնները կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէին վրայ։ 

Ու՞ր կրնամ տեղեկութիւններ գտնել Վատիկանի Պարտէզներու եւ Թանգարանի մասին ։

Վատիկանի Թանգարանին, Պարտէզներուն ու Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի անհատական կամ ուղղորդուած այցելութիւններու տոմսերու ու անոնց ամրագրումի մասին տեղեկութիւններուն համար կը հրաւիրենք այցելել Վատիկանի Թանգարաններուն նուիրուած կայքէջը։ 

Որո՞նք են Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքի ժամերը։

Տեղեկութիւններ  ունենալու համար Պապական Պազիլիքաներու (Սուրբ Պետրոս, Սուրբ Պօղոս, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս եւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ) մուտքի եւ պատարագներու ու խոստովանանքի ժամերու մասին այցելէ անոնց նուիրուած Վատիկանի պաշտօնական կայքը։ 

Ու՞ր կը վաճառուին Վատիկանի դրոշմաթուղթերն ու  դրամանիշերը։

Վատիկանի դրամանիշերու եւ դրոշմաթուղթերու մասին տեղեկութիւններու համար քեզ կը հրաւիրենք այցելել Վատիկան Քաղաքի Կառավարութեան Դրոշմաթուղթի եւ Դրամանիշի գրասենեակին յատկացուած  էջը։ 

Ի՞նչպէս կրնամ  Քահանայապետին հետ առնուած լուսանկարներ գնել։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանրային ձեռնարկներուն հայող լուսանկարներ գնելու համար քեզ կը հրաւիրենք այցելել Վատիկանի նկարներու սպասարկութեան - Վատիկան Մետիա  կայքը։ 

Վատիկանի մէջ «տեսախցիկ» կա՞յ։

Այո՛ ուղիղ եթերով դիտելու համար Վատիկանի Պետութեան յատկանշական վայրերը այցելէ Վատիկան Քաղաքի կառավարութեան «տեսախցիկ»ի էջը։