Որոնել

2024.03.13 Udienza Generale

Մարդ արարածը ստեղծուած է բարիին համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Առաքինութիւնը բարին է` որ կը յառաջանայ մարդու դանդաղ հասունութեամբ, մինչև որ ան դառնայ ներքին յատկանիշ։ Առաքինութիւնը ազատութեան սովորութիւն է: Եթէ ​​մենք ազատ ենք իւրաքանչիւր արարքին մէջ, և ամէն անգամ կը կանչուինք ընտրելու բարիի և չարի միջև, առաքինութիւնը այն յատկութիւնն է որ մեզի թոյլ կու տայ հակում ունենալ ուղիղ ընտրութեան նկատմամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 Մարտ 2024ի առաւօտուն Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրնացուց «մոլութիւններ եւ առաքինութիւններ» նիւթին վրայ

Ունկնդրութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հաւատացեալները նշեց, թէ այսօրուան խորհրդածութիւնը պիտի ընթերցէ Գերապայծառ Փիերլուիճի Ճիրոլին, տրուած ըլլալով որ ինք կը շարունակէ տառապիլ հարբուխէ։

Խորհրդածութեան մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.

«Մոլութիւններու մասին համառօտ ակնարկը աւարտելէն յետոյ ժամանակը եկած է մեր հայեացքը ուղղելու դէպի համաչափ պատկերը, որ հակառակ է չարի փորձառութեան» ... «Մարդու սիրտը կարող է տրուիլ չար կիրքերուն, կարող է լսել վնասակար գայթակղութիւնները՝ քօղարկուած համոզիչ հագուստով, բայց կարող է նաև հակադրել այս ամէնուն»։

«Որքան ալ այս մէկը յոգնեցուցիչ ըլլայ, մարդ արարածը ստեղծուած է բարիի համար» նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով առաքինութիւններուն ու առաքինի մարդոց ու առաքինի բառի իմաստին։

Առաքինի մարդը հաւատարիմ է իր կոչումին

«Առաքինութիւններու գործադրումը երկար բողբոջման պտուղ է, որ նոյնպէս ջանք ու տառապանք կը պահանջէ», կը նշէ Քահանայապետը դիտել տալով նաեւ թէ «Առաքինի մարդը այն մարդն է, որ հաւատարիմ է իր կոչումին և այդպիսով ալ լիովին կը գիտակցի ինքնիրեն»։

«Մենք սխալ ուղիի վրայ ենք, եթէ կարծենք, որ սուրբերը բացառութիւններ են... տեսակ մը հերոսներու խումբ մը, որ կ՛ապրի մարդկային ցեղին սահմաններէն անդին ... Սուրբերը այս ուղղութեամբ` անոնք են որոնք իսկապէս կ՜իրականացնեն իւրաքանչիւր մարդու կոչումը։ Եւ որքան երջանիկ պիտի ըլլար այն աշխարհը ուր արդարութիւնը, յարգանքը, փոխադարձ բարութիւնը եւ յոյսը բաժնեկցուած բնականոնութիւն մը ըլլային եւ ոչ թէ հազուագիւտ անկանոնութիւն» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով «Առաքինի կերպով գործելու» կարեւորութիւնը մեր այս ողբերգական ժամանակներուն մէջ, երբ կ՛առնչուինք մարդկութեան վատթարագոյնին հետ:

Առաքինութիւնը բարին գործելու սովորական և ամուր տրամադրուածութիւն

«Այլակերպուած աշխարհի մը մէջ մենք պէտք է յիշենք այն ձևը, որով մենք ձևաւորեցինք Աստուծոյ պատկերը, որ յաւերժ դրոշմուած է մեր մէջ» կը յորդորէ Սրբազան Պապը ակնարկելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականին որ առաքինութիւնը սահմանած է, որպէս բարին գործելու սովորական և ամուր տրամադրուածութիւն։

«Ուստի ան պատահական կերպով բարիք գործել չէ...եւ պատմութիւնը մեզի կ՛ըսէ, թէ նոյնինքն ոճրագործները, արթնութեան պահի մը ընթացքին, բարի արարքներ կատարեցին...բայց առաքինութիւնը այլ բան է։ Անիկայ բարին է` որ կը յառաջանայ մարդու դանդաղ հասունութեամբ, մինչև որ ան դառնայ ներքին յատկանիշ։ Առաքինութիւնը ազատութեան սովորութիւն է: Եթէ ​​մենք ազատ ենք իւրաքանչիւր արարքին մէջ, և ամէն անգամ կը կանչուինք ընտրելու բարիի և չարի միջև, առաքինութիւնը այն յատկութիւնն է, որ մեզի թոյլ կու տայ հակում ունենալ ուղիղ ընտրութեան նկատմամբ:

Իմաստութեան պարգեւը ու բարի կամքը

Առաքինութիւնը կարելի է ձեռք բերել նախ Աստուծոյ շնորհքին միջոցաւ։ Արդարեւ Սուրբ Հոգին կը գործէ մեր մէջ ու մեր հոգին կ՛առաջնորդէ դէպի առաքինի կեանք մը։ Ըստ նախնիներու իմաստութեան՝ առաքինութիւնը կ՛աճի և կարելի է զայն մշակել։ Որպէսզի այս մէկը տեղի ունենայ, Հոգիի առաջին պարգևը, որ կարելի է խնդրել, իմաստութիւնն է: Յետոյ հարկաւոր է բարի կամքը, կարողութիւնը` ընտրելու բարին, մենք մեզ ձեւաւորելու ճգնողական վարժութիւններով, խուսափելով չափազանցութիւններէն» եղաւ Նորին Սրբութեան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան վերջին յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 09:32

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >