Որոնել

Աւետարանելը ուրախութիւն է. Ֆրանչիսկոս Պապին 15 նոյեմբերի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Անմխիթար, տխուր, եւ աւելի վատ` ոխերիմ քրիստոնեայ մը հաւատալի չէ։ Անիկա պիտի խօսի Յիսուսին մասին սակայն ոչ մէկը պիտի հաւատայ։ Հիմնական առ այդ հսկել մեր զգացումներուն վրայ։ Կարելի չէ աւետարանել հիմնուելով գաղափարախօսութիւններու վրայ. Աւետարանը գաղափարախօսութիւն մը չէ, Աւետարանը ուրախութեան հռչակումն է։ Գաղափարախօսութիւնները պաղ են, Աւետարանը ունի ուրախութեան ջերմութիւնը։ Գաղափարախօսութիւնները չեն գիտեր ժպտալ, Աւետարանը ժպիտ է, ժպիտ կը պարգեւէ որովհետեւ Աւետիսով կը դպչի հոգիին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աւետարանի հռչակման մի քանի վկաներու հետ հանդիպելէն յետոյ, կ՛ առաջարկեմ առաքելական եռանդի մասին քրիստոնէականի այս շարքը ամփոփել չորս կէտերով ՝ ներշնչուած «Evangelii gaudium» առաքելական յորդորէն, որ այս ամիս կը բոլորէ իր տասներորդ տարեդարձը»։ Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր գլխաւորեց 15 նոյեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ:

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Քրիստոնէական պատգամը մեծ ուրախութեան մը հռչակումն է

«Առաջին կէտը, որ պիտի տեսնենք այսօր, կարող չէ վերաբերիլ եթէ ոչ այն վերաբերմունքին, որմէ կախեալ է աւետարանութեան ժեստի էութիւնը՝ ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ յղում կատարելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած Հրեշտակին Յիսուսի ծնունդի մասին Հովիւներուն փոխանցած աւետիսին, հաստատեց` որ «քրիստոնէական պատգամը մեծ ուրախութեան մը հռչակումն է»։

«Արդարեւ Յիսուս, Աստուած` որ մարդեղացաւ....ուրախութիւնն է։ Ուստի հարցը կը կայանայ ոչ թէ զԱյն հռչակելուն մէջ, այլ թէ ի՞նչպէս հռչակել», յարեց Քահանայապետը աւելցնելով. Կամ Յիսուսը կը հռչակենք ուրախութեամբ կամ չենք հռչակեր, որովհետեւ այլ ճանապարհ մը կարող չէ ներկայացնել Յիսուսին ճշմարիտ իրականութիւնը»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Աւետարանը գաղափարախօսութիւն չէ,  ուրախութեան հռչակում է

Ահա թէ ինչու անմխիթար, տխուր, եւ աւելի վատ` ոխերիմ քրիստոնեայ մը հաւատալի չէ։ Անիկա պիտի խօսի Յիսուսին մասին սակայն ոչ մէկը պիտի հաւատայ։ Հիմնական է առ այդ հսկել մեր զգացումներուն վրայ։ Կարելի չէ աւետարանել հիմնուելով գաղափարախօսութիւններու վրայ. Աւետարանը գաղափարախօսութիւն մը չէ, Աւետարանը ուրախութեան հռչակումն է։ Գաղափարախօսութիւնները պաղ են, Աւետարանը ունի ուրախութեան ջերմութիւնը։ Գաղափարախօսութիւնները չեն գիտեր ժպտալ, Աւետարանը ժպիտ է, ժպիտ կը պարգեւէ, որովհետեւ Աւետիսով կը դպչի հոգիին։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Յիսուսին ծնունդը սկիբզ ուրախութեան

«Յիսուսին ծնունդը, պատմութեան ու կեանքին մէջ, ուրախութեան սկիզբն է։ Մտածենք այն ինչ, որ պատահեցաւ Եմմաւուսի աշակերտներուն, որոնք ուրախութեամբ լեցուցած կարող չէին հաւատալ, Յիսուսի յարութեան ուրախութիւնը։ Որովհետեւ Յիսուսին հետ հանդիպումը միշտ ալ ուրախութիւնը կը բերէ։

«Մխրճուած այսօրուայ շփոթելի ու արագընթաց մթնոլորտին մէջ, մենք ալ կարող են հաւատքը ապրիլ հրաժարումի իմաստով, ու մտածելով, թէ այլեւս կարիքը չկայ զայն հռչակելու։ Սակայն ճիշտ այս է պահը վերադառնալու Աւետարանին վերագտնելու համար Քրիստոսը որ միշտ երիտասարդ է ու նորութեան անսպառ աղբիւր» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութեան աւարտին յանձնարարեց. «Էմմաւուսի աշակերտներուն պէս մենք ալ նման անոր` որ գանձ մը գտաւ, նոր սլացքով վերադառնանք մեր առօրեային»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

 

Յիսուսին հետ հանդիպելու ուրախութիւնը

«Աւետարանը սպասուած է նաեւ այսօր, բոլոր ժամանակներու մարդը կարիքն ունի անոր, կարիքն ունի նաեւ ընկերութիւնը, որ ամայի կը թողու կրօնական զգացումին տարածութիւնը։ Ասիկա պատեհ առիթն է Յիսուսը հռչակելու եւ ասոր համար կ՛ուզեմ ձեզի կրկնել. «Աւետարանի ուրախութիւնը կը լեցնէ սրտերն ու համայն կեանքը անոնց, որոնք կը հանդիպին Յիսուսին: Անոնց` որոնք թոյլ կու տան փրկուիլ Անորմէ, ազատուած  մեղքէ, տխրութենէ, ներքին դատարկութենէ, մեկուսացումէ: Յիսուս Քրիստոսի հետ ուրախութիւնը միշտ կը ծնի եւ կը վերածնի: […] Կը հրաւիրեմ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, որտեղ եւ որեւէ կացութեան մէջ որ գտնուի, այսօր իսկ թարմացնելու իր անձնական հանդիպումը Յիսուս Քրիստոսին հետ» (նոյն տեղում, 1.3) ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով Իւրաքանչիւր անձ ժամանակ գտնելու, խօսելու հաար  Յիսուսին հետ ու անոր ըսելու. «Դուն իմ մէջս ես, ես կ՛ուզեմ քեզի հանդիպիլ ամէն օր։ Դուն գաղափար մը չես այլ անձ մը. Դուն ճանապարհորդութեան ընկեր մըն ես, ծրագիր մը չես։ Դուն Սէրն ես` որ կը լուծէ բազմաթիւ հարցեր։ Դուն աւետարանութեան սկիզբն ես։ Դուն` Յիսուս, ուրախութեան աղբիւրն ես»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2023, 09:18

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >