Որոնել

2023.10.01  Angelus

Յառաջիկայ 6 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի հանդիպի աշխարհի մանուկներուն հետ

«Անոնց հետ միասին կ՛ուզեմ հռչակել` որ վեց նոյեմբերի յետմիջօրէին, Պօղոս Զ դահլիճին մէջ պիտի հանդիպիմ համայն աշխարհի մանուկներուն հետ։ Ձեռնարկը որ հովանաւորուած է Մշակոյթի եւ Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան կողմէ, որպէս բնաբան պիտի ունենայ «Սորվինք մանչ ու աղջիկ մանուկներէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ հոկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն հաղորդեց թէ յառաջիկայ 6 նոյեմբերին ինք Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ համայն աշխարհէն ժամանած մանուկներու հետ։

«Այսօր իմ մօտս կան հինգ մանուկներ, որոնք կը ներկայացնեն հինգ ցամաքամասերը» ըսաւ Սրբազան Պապը հանրութեան ցոյց տալով այդ մանուկները, որոնք իրենց կարգին Քահանայաետական գրասենեակի պատուհանէն ողջունեցին հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորները։

«Անոնց հետ միասին կ՛ուզեմ հռչակել` որ վեց նոյեմբերի յետմիջօրէին, Պօղոս Զ դահլիճին մէջ պիտի հանդիպիմ համայն աշխարհի մանուկներուն հետ։ Ձեռնարկը որ հովանաւորուած է Մշակոյթի եւ Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան կողմէ, որպէս բնաբան պիտի ունենայ «Սորվինք մանչ ու աղջիկ մանուկներէն» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով թէ այդ հանդիպումը պիտի կատարուի բացայայտելու համար բոլորին երազանքը «Մանուկներուն նման անգամ մը եւս ունենալ բիւրեղ զգացումներ, որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը կը պատկանի անոր որ մանուկի նման է» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Մանուկները մեզի կը սորվեցնեն յարաբերութիւններու յստակութիւն և օտարներու ինքնաբուխ ընդունելութիւն, ապա յարգանք ողջ ստեղծագործութեան նկատմամբ»:

«Սիրելի պատանիներ ձեզ բոլորդ կը սպասեմ որպէսզի ես ալ ձեզմէ սորվիմ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2023, 12:50