Որոնել

FILES-AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT

Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահան հայերուն համար

Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստ տուող Հարիւր հազարէ աւելի տեղահանները Քահանայապետին մտքին մէջ են այնպէս ինչպէս իր աղօթքներուն մէջ են Ստեփանակերտի մօտ տեղի ունեցած պայթումին զոհերը։ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց` թէ յառաջիկայ 15 հոկտեմբերին պիտի հրատարակուի Մանուկ Յիսուս Սրբուհի Թերեզային պատգամին նուիրուած առաքելական յորդորագիր մը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս օրերուն կը հետեւիմ Լեռնային Ղարաբաղի գաղթականներու ողբերգական իրավիճակին»։ Այս խօսքերով է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը, մէկ հոկտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին ակնարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերջին այս օրերուն ապրած ողբերգութեան, նորոգելով Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան ի սպաս կոչը եւ մաղթելով, որ «կողմերու միջեւ բանակցութիւնները, միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ, նպաստեն մնայուն համաձայնութեան մը, որ վերջ դնէ մարդասիրական ճգնաժամին»։

Սրբազան Պապը հուսկ իր աղօթքները ապահովեցուց Ստեփանակերտի մերձակայքը գտնուող Վառելիքի պահեստանոցի  պայթումի զոհերուն համար, որոնց թիւը հասաւ 170ի։

Հոկտեմբեր ամիսը Վարդարանի եւ առաքելութեան ամիս

Քահանայապետը ապա յիշեց, որ Հոկտեմբեր ամիսը Սուրբ Վարդարանի եւ Առաքելութիւններու ամսին է, խրախուսելով բոլորը «փորձարկելու Սուրբ Վարդարանի աղօթքի գեղեցկութիւնը», ապա հրաւիրեց աղօթել` խաղաղութեան համար, պատերազմներէ վիրաւոր Ուքրանիոյ ու բոլոր հողամասերուն համար։

«Աղօթենք, ըսաւ ապա Ան, ժողովուրդներու աւետարանութեան համար ու Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին համար, որ այս ամսուայ ընթացքին պիտի ապրի Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած իր առաջին Հաւաքը»։

Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի տօնը եւ անոր պատգամին նուիրուած յորդորագիրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ թէ այսօր կը յիշատակուի Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզային տօնը` «վստահութեան սրբուհին», ըսաւ Ան, յայտարարելով, որ յառաջիկայ 15 հոկտեմբերին պիտի հրապարակէ Սրբուհիի պատգամին նուիրուած առաքելական յորդորագիր մը։

Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսքը սկսած էր յիշելով երէկ Փիաչենցա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Հայր Ճուզեփփէ Պէոթթին, որ չի տատամսեցաւ իր կեանքը տալու իրեն յանձնուած հօտը պաշտպանելու համար` 1944 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2023, 12:34