Որոնել

«Ըլլանք անկեղծ քրիստոնեաներ». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն

Մեղաւորին համար միշտ ալ կայ փրկութեան յոյսը, կաշառակերին համար այս մէկը շատ դժուար է։ Անոր նրբագեղ բայց կեղծաւոր արտաքինը ու սովորոյթ դարձած յօրինուածքները նման են «ռետինէ հաստ պատի» մը, որուն ետին կը պ պատսպարուի խղճի կանչերէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ հոկտեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը սովորութեան համաձայն կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուածք էր Մատթէոս Աւետարանիչէն (Մատթ 21,28-32) ուր Յիսուս կը ներկայացնէ երկու որդիներուն առակը, որոնց հայրը անոնցմէ կը խնդրէ որ երթան ու այգիին մէջ աշխատին։

Անկեղծութիւնը

«Առաջինը անմիջապէս այո կ՛ըսէ բայց չերթար։ Իսկ երկրորդը տեղւոյն վրայ կը մերժէ բայց ետքը կը զղջայ ու կ՛երթայ» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Հօր նկատմամբ արտայայտուած անկեղծութեան ու այդ անմեծութեան պակասին ու նշելով, որ թէեւ երկու զաւակներէն եւ ոչ մէկը անսխալ կերպով կը գործէ, առաջինը սուտ կը խօսի իսկ երրորդը թէեւ կը սխալի կը մնայ անկեղծ։

«Առաջին զաւակը կը թաքնուի այոյի մը ետին, թաքցնելով նաեւ իր ծուլութիւնը ու հարցը լուծելով առանց հակառակութիւններու, բայց խաբելով ու յուսախաբ թողելով հայրը, նաեւ անարգելով զինք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ այսպիսի վարմունք ունեցող անձ մը, ոչ միայն մեղաւոր է այլ նաեւ կաշառակեր, որովհետեւ կը ստէ, ծածկելով և քօղարկելով իր անհնազանդութիւնը, չընդունելով որևէ ազնիւ երկխօսութիւն կամ առճակատում» յարեց Սրբազան Պապը։

Կեղծաւորութիւնը

«Երկրորդ զաւակը, ան որ ոչ կ՜ըսէ ու ապա կ՛երթայ կատարեալ չէ բայց անկեղծ է։ Ան արդարեւ յանձն կ՛առնէ իր վարուելակերպի պատասխանատուութիւնը եւ կը գործէ արեւի լոյսին տակ ու իր այս անկեղծութենէն մղուած կը հասկնայ նաեւ իր սխալը ու ետքայլ կը կատարէ։ Անիկա մեղաւոր է բայց ոչ կաշառակեր։

Մեղաւորին համար միշտ ալ կայ փրկութեան յոյսը, կաշառակերին համար այս մէկը շատ դժուար է։ Անոր նրբագեղ բայց կեղծաւոր արտաքինը ու սովորոյթ դարձած յօրինուածքները նման են «ռետինէ հաստ պատի» մը, որուն ետին կը պ պատսպարուի խղճի կանչերէն։

Մեղաւորներ այո բայց կաշառերներ ոչ

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր` մեղաւորներ այո բայց կաշառերներ ոչ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց նայիլ մենք մեզի մի քանի հարցեր տալով.

Ազնիւ և առատաձեռն կեանքով ապրելու, իմ Հօր կամքին համաձայն պարտաւորուելու ջանքերուն դիմաց, ես պատրա՞ստ եմ ամէն օր «այո» ըսել, նոյնիսկ եթէ անիկայ ծանր է։ Եւ երբ ես չեմ կրնար այդ մէկը ընել, արդեօք անկեղծ եմ Աստուծոյ հետ անոր ներկայացնելով իմ դժուարութիւններս, իմ անկումներս, իմ փխրունութիւններս: Երբ ես կը սխալիմ, պատրա՞ստ եմ ապաշխարել և ետ դառնալ իմ քայլերուս վրայ: Կամ այնպէս կը ձևացնեմ, որ ոչ մէկ բան պատահած է, եւ կ՛ապրիմ դիմակով, մտահոգուելով միայն լաւ և պարկեշտ երևալու հարցով: Ի վերջոյ, ես մեղաւո՞ր եմ, ինչպէս բոլորը, թէ՞ իմ մէջ կաշառուած բան կայ։

«Մարիամ սրբութեան հայելին թող մեզի օգնէ որպէսզի ըլլանք անկեղծ քրիստոնեաներ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2023, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >