Որոնել

Մարսիլիոյ ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան

Մենք առաջին հերթին պէտք է յանձնառու ըլլանք, որպէսզի ամէն մարդ կարողանայ ապրիլ խաղաղութեան, անվտանգութեան ու բարօրութեան մէջ իր սեփական ծննդավայրին մէջ։ Այս մէկը կը պահանջէ անհատական դարձ, ընկերային զօրակցութիւն եւ Կառավարութիւններու կողմէ գործնական յանձնառում, ըլլայ տեղական ըլլայ միջազգային գետնի վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց անցեալ շաբաթավերջին Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակումին առիթով, որուն մէջ ներգրաւուեցան Միջերկրականի շրջանի եպիսկոպոսներ ու քաղաքապետներ բազմաթիւ երիտասարդներու հետ միասին, «որպէսզի հայեացքը ուղղուած ըլլայ ապագային» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա նշեց` որ Մարսիլիայի ձեռնարկին բնաբանն էր «յոյսի խճանկար» հաստատելով, որ այդ է երազանքը, այդ է մարտահրաւէրը, այսինքն Միջերկրականը վերագտնէ իր կոչումը, ըլլալու քաղաքակրթութեան ու խաղաղութեան արհեստանոց։ 

Միջերկրականը օրրան է քաղաքակրթութեան

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը նշեց, որ «Միջերկրականը օրրան է քաղաքակրթութեան եւ օրրանը կեանքին ի նպաստ է։ Անհանդուրժելի է, որ ան դառնայ գերեզման եւ ոչ ալ հակամարտութեան վայր։ Ոչ» յարեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Միջերկրական ծովը շատ հեռու ու հակառակ է   քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումի, պատերազմի եւ մարդավաճառութեան վայր ըլլալէ։ Ան իրար միջեւ հաղորդութեան մէջ կը դնէ Ափրիկէն, Ասիան եւ Եւրոպան, անհատներն ու մշակոյթները, ժողովուրդներ ու լեզուները, փիլիսոփայութիւններն ու կրօնները» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ, «երկու հազար տարիներ առաջ անոր ափերէն է, որ մեկնարկ առաւ Յիսուս Քրիստոսին Աւետարանը»։ 

«Այս մէկը կախարդական ձեւով չի իրականացուիր այլ պտուղն է ուղեւորութեան մը, որուն իւրաքանչիւր սերունդ կոչուած է հատելու հատուած մը, կարդալով ժամանակներու նշանները» յարեց Նորին Սրբութիւնը, բացատրելով` որ Մարիսլիայի մէջ կայացած հանդիպումը շարունակութիւնն էր  2020-ին Պարի քաղաքի ու անցեալ տարի Ֆիրենցէ քաղաքին մէջ կայացած հանդիպումներուն ու թէ ֆրանսական քաղաքի մէջ գումարուած այդ հաւաքը յաւելեալ քայլ մըն էր ճանապարհորդութեան մը, որ սկիզբ առած էր` Ֆիրենցէի քաղաքապետ Ճորճօ Լա Փիրայի անցեալ դարու յիսունական թուականներուն կազմակերպուած «Միջերկրականի Զրոյցները»ուն։ 

«Յաւելեալ քայլ պատասխանելու համար Պօղոս Զ Քահանայապետին  «Populorum progressio» շրջաբերականին մէջ ուղղած կոչին «խթանելու համար բոլորին աւելի մարդկային աշխարհ մը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Մարիսլիոյ հաւաքէն բխած արդիւնքներուն։

Մարդ անհատի  անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը

Այնտեղէն ի յայտ եկաւ Միջերկրականի նկատմամբ մարդկային եւ ոչ թէ իտէալական կամ ռազմավարական հայեացքը, որ կարող է ամէն բան վերագրել առաջնահերթ արժէքին, որ է մարդ անհատը ու անոր անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը։  Միեւնոյն ատեն ի յայտ եկաւ նաեւ յոյսի հայեացք մը, որ տեսանելի դարձաւ  վկայութիւններուն ընդմէջէն, անոնց որոնք ապրած են տմարդկային փորձառութիւններ, ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա շեշտը դրաւ գաղթականութեան երեւոյթին վրայ, ակնարկելով Գաղթականներու ու Փախստականներու համաշխարհային օրուայ այս տարուայ նիւթին «Ազատ ընտրելու գաղթել կամ ոչ» ու հաստատելով, որ Միջերկրականը պէտք է ըլլայ յոյսի պատգամ ու ասկէ մեկնելով «հարկաւոր նկատեց   յոյս տալ եւրոպական ընկերութիւններուն ու մասնաւորապէս նոր սերունդներուն», հարց տալով «ի՞նչպէս կարելի է միւսները հիւրընկալել, երբ մենք, որպէս առաջիններ չունինք ապագային վրայ բացուած հորիզոն մը»։  

Յոյսի եւ քաղաքակրթութեան խճանկար

«Անհատականութեամբ, սպառողականութեամբ և դատարկ փախուստներով հիւանդ մեր հասարակութիւնները պէտք է բացուին, թթուածնեցնեն հոգին և ոգին, և այդ ժամանակ անոնք կը  կարողանան ճգնաժամը տեսնել` որպէս հնարաւորութիւն և դրականօրէն դիմակայել զայն» ըսաւ ապա Քահանայապետը  ու հաստատեց, որ «Եւրոպան կարիքը ունի վերագտնելու գորով ու խանդավառութիւն», զոր ինք գտաւ Մարսիլիոյ մէջ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, կղերական դասին ու աշխարհականներուն մաղթելով, որ «Notre Dame de la Garde»ի Տիրամայրը առաջնորդէ Միջերկրականի ժողովուրդները, որպէսզի այդ շրջանը դառնայ միշտ աւելի «յոյսի եւ քաղաքակրթութեան խճանկար»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 09:00

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >