Որոնել

2023.06.07 Udienza Generale

Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան` օրինակ աւետարանութեան կիրքի եւ առաքելական եռանդի

Եկեղեցին արդարեւ որեւէ այլ միջոցներէ, մեթոտներէ ու կառոյցներէ աւելի, կարիքը ունի սրտերու, Սրբուհի Թերեզայի սրտին նման, որոնք հոգիները կը ներգրաւեն սիրոյ մէջ ու զանոնք կը մօտեցնեն Աստուծոյ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 7 Յունիս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ իտալիոյ եւ աշխարհի տարբեր շրջաններէ Հռոմ ժամանած հաւատացեալներուն։

Շարունակելով հաւատացեալի աւետարանական կիրքի եւ առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը Նորին Սրբութիւնը` որպէս օրինակ ներկայացուց Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան` առաքելութիւններու պահապան սրբուհին։

Առաքելական նամակ նուիրուած Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 150 ամեակին

Հրապարակային ունկնդրութեան առիթով Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզային մասունքները զետեղուած էին կեդրոնական ամպիոնի վրայ եւ մատնանշելով այդ մասունքներուն Քահանայապետը նշեց` թէ Սրբուհին ծնած է 150 տարիներ առաջ եւ թէ ինք այս յոբելեանին  առիթով միտք ունի Անոր նուիրելու Առաքելական Նամակ մը։

Առաքելութիւններու պաշտպան սրբուհին

«Անիկա առաքելութիւններուն պաշտպան սրբուհին է սակայն երբեք առաքելավայր չէ մեկնած։ Քարմելիթան կրօնաւորուհի մըն էr ու անոր կեանքին յատկանիշը եղաւ փոքրութիւնը եւ տկարութիւնը, արդարեւ ինքզինք կը ներկայացներ` որպէս «աւազի փոքրիկ հատիկ»։

«Վատառողջ ըլլալով իր մահկանացուն կնքեց 24 տարեկանին։ Բայց եթէ Անոր մարմինը հիւանդ էր, սիրտը տրոփուն էր, առաքելական էր» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով` թէ ինչպէս Ան մենութեան մէջ «կը միջնորդէր առաքելութիւններուն համար, ինչպէս շարժիչ ուժը, որ մեքենային կու տայ դէպի յառաջ շարժելու ուժ»։

Միսիոնարներու հոգեւոր քոյր

Թերեզան եղաւ տարբեր միսիոնարներու հոգեւոր քոյր։ Ան վանքէն կ՛ուղեկցէր անոնց իր նամակներով, աղօթքներով եւ անոնց համար նուիրած զոհողութիւններով։

Բայց եւ այնպէս անոր քոյր կրօնաւորուհիները զինք չէին հասկնար ու Թերեզան անոնցմէ շատ աւելի փուշեր ստացաւ քան վարդեր, սակայն զանոնք ընդունեց սիրով ու համբերութեամբ եւ այդ ըրաւ ուրախութեամբ եւ Եկեղեցւոյ կարիքներուն համար»։

Առաքելական սիրտը

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց երկու դրուագներու` հասկնալու համար Սրբուհի Թերեզայի միսիոներական ուժի ծագումը. Նախ 1886 թուականի Սուրբ Ծննդեան շնորհքը, երբ Աստուած հրաշք գործեց Անոր սրտին մէջ:

Թերեզան որ 14 տարեկան էր ծնողքին հետ Սուրբ Ծննդեան պատարագէն վերադարձին տեսնելով հօր վերաբերմունքը որ յոգնութեան պատճառաւ չէր ուզէր նուէրներու փոխանակումին մասնակցիլ իր զգայուն նկարագիրին բերումով տխուր տրտում իր սենեակը կը քաշուի, բայց ետքը զօրացած Յիսուսին սիրով անմիջապէս կը ձերբազատուի իր եսասիրութեան բանտէն եւ իր սենեակէն դուրս կու գայ ու իր իսկ ուրախութեամբ երջանիկ կը դարձնէ իր հայրը։

Յիսուսը սիրցնել

Այդ օրէն Ան իր եռանդը ուղղեց միւսներուն հանդէպ, որպէսզի գտնեն Աստուած եւ փոխանակ ինքնիր համար մխիթարութիւն փնտռելու ինքնիրեն առաջարկեց «մխիթարել Յիսուսը ու զինք սիրցնելու հոգիներէն», որովհետեւ, գրեց Թերեզան, «Յիսուս հիւանդ է սիրով, եւ սիրոյ հիւանդութիւնը կը բուժուի միայն սիրով»։ «Այս եղաւ ահա Անոր կեանքի նպատակը` Յիսուսը սիրցնել» ըսաւ Քահանայապետը։

Այս միսիոներական եռանդը ուղղուած էր ամենէ առաջ «հեռաւոր» մեղաւորներուն, այնպէս ինչպէս կը բացայայէ երկրորդ դրուագը: Թերեզան իր վրայ կը վերցնէ Էնրիքօ Փրանզինի անունով մահապատիժի դատապարտուած մարդու մը հոգը՝ որ կը մերժեր ստանալ հաւատքի մխիթարիչ ուժը: Թերեզան առ այդ թախանձագին կ՛աղօթէ անոր դարձին համար եւ ի վերջոյ ձեռք կը բերէ իր նպատակը` որովհետեւ այդ մարդը, նախ քան դահիճին կողմէ գլխատումը, վերջին պահուն կը համբուրէ խաչը:

«Ահա այս է սէրէն մղուած բարեխօսութեան ուժը, ահա այս է միսիոներութեան շարժիչ ուժը» յարեց հուսկ Քահանայապետը։

Դառնալ Աստուծոյ սիրոյ գործիք

Սրբուհի Թերեզան մեզի կը սորվեցնէ, որ միսիոնար կը համարուի այն անձը, որ կը դառնայ Աստուծոյ սիրոյ գործիքը և իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի իր վկայութեան, իր աղօթքի, իր միջնորդութեան միջոցաւ Յիսուսը ճանչցուի և սիրուի:

Սա է առաքելական եռանդը, եւ պէտք է միշտ յիշենք, որ ան երբեք չի գործէր դաւանափոխութեան կամ անկաշկանդութեան միջոցաւ, այլ գրաւչութեամբ. Որովհետեւ քրիստոնեայ չենք դառնար մէկու մը պարտադրանքով, այլ որովհետեւ սէրը մեզի կը դպչի»։

Եկեղեցին արդարեւ որեւէ այլ միջոցներէ, մեթոտներէ ու կառոյցներէ աւելի, կարիքը ունի սրտերու, Սրբուհի Թերեզայի սրտին նման, որոնք հոգիները կը ներգրաւեն սիրոյ մէջ ու զանոնք կը մօտեցնեն Աստուծոյ։

Հայցենք ուրեմն շնորհքը յաղթահարելու մեր եսասիրութիւնը ու ունենալու բարեխօսութեան գորովը որպէսզի Յիսուսը ճանչցուի եւ սիրուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 09:23

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >