Որոնել

2023.05.17 Udienza Generale

Սուրբ Ֆրանսուայ Քզավիէ` նորագոյն ժամանակներու մեծագոյն առաքեալը, տիպար առաքելական եռանդի

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 Մայիս 2023ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալացի եւ օտարազգի պատկան հազարաւոր ուխտաւորներ։

Սովորութեան համաձայն Սրբազան Պապը այս առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւնը շարունակելով առաքելական եռանդի տիպարներու մասին ուղեւորութիւնը ու նշելով թէ «կը խօսինք աւետարանութեան մասին, առաքելական եռանդը, Յիսուսին անունը յառաջ տանելու մասին, եւ պատմութեան մէջ կան մարդիկ ու կիներ, որոնք այս մէկը կատարեցին օրինակելի կերպով։ Այսօր զոր օրինակ կ՛ընտրենք Սուրբ Ֆրանսուայ Քզավիէն, որ իրաւամբ համարուած է նորագոյն ժամանակներու մեծագոյն առաքեալը եւ է կաթողիկէ առաքելութիւններուն պաշտպան սուրբը»։ Թէեւ, աւելցուց Ան, «չկան մեծ կամ փոքր առաքեալներ.... այսօր եւս կան լռութեամբ գործող առաքեալներ որոնք շատ աւելի մեծ գործ կը կատարեն քան Ֆրանսուայ Քզավիէն։ Միսիոնար մը մեծ է երբ առաքելութեան կ՛երթայ...հայրենիքէն դուրս կ՛ելլէ Աւետարանը քարոզելու համար։ Ասիկա առաքելական եռանդն է ու մենք այս մէկը պէտք է մշակենք նայելով ու սորվելով տիպար մարդոց ու կիներու օրինակներէն»։

Թողուլ աշխարհի կեանքը ու դառնալ միսիոնար

Ֆրանսուան ծնաւ Սպանիայի հիւսիսային շրջանի Նավարրայի աղքատացած ազնուական տոհմի մը մէջ` 1506ին։ Ան իր ուսումները կը կատարէ Փարիզի համալսարանին մէջ։ Համակրելի եւ փայլուն երիտասարդ մըն էր, յաջող մարզանքի եւ ուսմունքի մէջ։ Իր վարժարանին մէջ կը հանդիպի աւելի տարիքոտ ընկերի մը` Ինգնատիոս Տի Լոյոլային որ անոր կ՛առաջարկէ հոգեւոր կրթութիւն կատարել ու կեանքը փոխել։ Եւ ան կը թողու աշխարհիկ կեանքը միսիոնար դառնալու համար։ Կը դառնայ Յիսուսեան, ապա Քահանայ եւ կը մեկնի աւետարանութեան Արեւելքի մէջ։ Այդ ժամանակ միսիոնարները կ՛ուղարկուին դէպի անճանաչելի աշխարհներ եւ Ֆրանսուան կը մեկնի լի առաքելական եռանդով», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով` որ «այդպիսով է, որ սկիզբ կը տրուի եռանդոտ առաքեալներու շարասիւնի մը, որոնք պատրաստ էին հանդուրժել յոգնութիւնները եւ անհամար վտանգները, հասնիլ երկիրներ և հանդիպիլ բոլորովին անյայտ մշակոյթներով և լեզուներով ժողովուրդներուն, առաջնորդուելով միայն Յիսուս Քրիստոսը և Անոր Աւետարանը ճանչցնելու զօրաւոր ցանկութենէն»։

Առաքելութիւնը հեռաւոր աշխարհներու մէջ

«Ֆրանսուայ Քզավիէն հազիւ տասնմէկ տարուայ մէջ կ՛իրագործէ միսիոներական արտակարգ գործ մը։ Այդ ժամանակ նաւով ճամբորդութիւնները բարդ ու ծանր էին ու նաեւ վտանգաւոր։ Շատեր կը մահանային ճամբորդութեան ընթացքին` հիւանդութեան կամ նաւաբեկութեան պատճառաւ։ Այսօր ալ անոնք կը մեռնին որովհետեւ մենք թոյլ կու տանք որ մեռնին Միջերկրականին մէջ» նշեց Սրբազան Պապը ակնարկելով որ Քզավիէն երեք ու կէս տարիներ կ՛ապրի նաւարկութեան մէջ հասնելով Կոա, հնդկաստան, Փորթուկալի մշակութային եւ առեւտրական արեւելեան մայրաքաղաք ուր կը հաստատէ առաքելութիւնը եւ կ՛աւետարանէ երկրի հարաւային ափի աղքատ ձկնորսները, ապա կ՛որոշէ նաւարկել դէպի Ինտոնեզիայի արշիպեղագոսի կղզիները, ուր երկու տարուայ մէջ կը հիմնէ մի քանի քրիստոնէական համայնքներ ու քրիստոնէականի հատուածները թարգմանելով տեղական լեզուով կը սորվեցնէ զայն երգել։

Պտուղ տուող սերմեր

Օր մը Ան կը հանդիպի ճափոնցիի մը, որ կը խօսի իր հեռաւոր երկրի մասին, ուր ոչ մէկ եւրոպացի առաքեալ ոտք դրած է։ Ֆրանսուայ Քզավիէն կ՛որոշէ մեկնիլ Ճափոն, ուր կը ժամանէ երկար ու դժուար ճանապարհորդութենէ մը ետք և երեք տարուայ քրտնաջան աշխատանքէն յետոյ, ուր հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը յաջողի սերմեր ցանել, որոնք մեծ պտուղներ պիտի տան, կ՛որոշէ մեկնիլ Չինաստան։ Անոր ծրագիրը սակայն կը ձախողի եւ Ֆրանսուան կը մահանայ 46 տարեկանին Սանչիան փոքր կղզիին վրայ, աւարտելով իր երկրի վրայ ուղեւորութիւնը։ 3 դեկտեմբեր 1552ին, Ան իր աչքերը կը փակէ մինչ չինացի մը իր վրայ կը հսկէր։ Ան միային քառասունվեց տարեկան էր, եւ կեանքը նուիրած էր առաքելութեան։

Կեանքի նուիրումը եւ Քրիստոսի սէրը

Անոր ժրաջան գործունութիւնը միշտ կապուած էր աղօթքին և Աստուծոյ հետ միութեան։ Ան երբեք աղօթքէն չի հրաժարեցաւ որովհետեւ գիտէր թէ հոն էր ուժը։ Ուր, որ ալ կը գտնուէր միշտ հոգ կը տանէր հիւանդներուն, աղքատներուն ու մանուկներուն։ Քրիստոսի սէրը եղաւ այն ուժը, որ զինք մղեց մինչեւ ամենահեռաւոր սահմանները, դիմագրաւելով շարունակական վտանգներ ու յաղթահարելով բազմաթիւ յուսախաբութիւններ։ Քրիստոսին սէրը ապա Անոր տուաւ մխիթարութիւն եւ ուրախութիւն հետեւելու ու Անոր ծառայելու մինչեւ վերջ։

«Գացէք, քաջութիւն ունեցէք երթալու»

Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով երիտասարդները նայելու Սուրբ Ֆրանչսուա Քզավիէին` հայեացքը ուղղելու աշխարհի հորիզոններուն, մարդոց` որոնք կարիքը ունին Յիսուսին։ «Գացէք, քաջութիւն ունեցէք երթալու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մտաբերելով բազմաթիւ երիտասարդ միսիոնարները, որոնք մաս կը կազմեն Ֆրանսուայ Քզավիէի  գլխաւորած շարասիւնին, ու մաղթեց` որ «Տէրը մեզի բոլորիս շնորհէ աւետարանելու ուրախութիւնը, ուրախութիւնը` տանելու իր գեղեցիկ պատգամը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 09:45

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >