Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Յիշատակում Ղպտի ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական սիրոյ Օրուան

Պատմական օր Վատիկանի մէջ Թաուատրոս Պատրիարքին մասնակցութեամբ։ Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ Ղպտի ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու համամիութենական ուղեւորութեան յիսուն ամեակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 մայիս 2023ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը ի ներկայութեան աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներուն ու նաեւ Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ-ին ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան, որոնք Հռոմ կը գտնուին երկու եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական ուղեւորութեան յիսուն ամեակի տօնախմբութեան առիթով։

Արդարեւ հրապարակի շրջանը կատարելէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնական ամպիոն բարձրացաւ Թաուատրոս Պատրիարքի հետ միասին եւ ամպիոնի վրայ այս անգամ զետեղուած էին երկու սպիտակ բազկաթոռներ` մէկը Քահանայապետին եւ միւսը Թաուատրոս Պատրիարքին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը

Թաուատրոս Պատրիարքին խօսքը

Ի տարբերութիւն միւս հրապարակային ունկնդրութիւններու օրակարգին տասը մայիսի ընդհանուր ունկնդրութիւնը սկիզբ առաւ Թաուատրոս Պատրիարքին Քահանայապետին ուղղած ողջոյնի խօսով, որուն մէջ Ան գնահատեց Ֆրանչիսկոս Պապին ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ, աղօթք ապահովեցնելով եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։

Եղբայրական սիրոյ Օր

Ան ապա յիշեց տասը տարիներ առաջ իր ու Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ կայացած առաջին հանդիպումը, որուն առիթով որոշուեցաւ ամէն տարուայ տասը մայիսին տօնախմբել երկու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական սիրոյ Օրը։

Թաուատրոս Պատրիարքը նշեց նաեւ, թէ իրենք ամէն տարի 10 մայիսին իրարու հետ կապ կը պահեն  «խօսելով եւ նամակցելով», նորոգելու համար այդ եղբայրական սէրը ապա մէջբերեց Յովհաննէս առաքեալի առաջին թուղթէն խօսքը. «Իրար սիրենք, որովհետեւ սէրը Աստուծմէ կը բխի։ Ով որ կը սիրէ ծնած է Աստուծմէ եւ կը ճանչնայ Աստուած» (Ա Յովսհ. 4,7).

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը

Մենք ընտրեցինք սէրը ու մեզ կը միաւորէ Քրիստոսը

«Մենք ընտրեցինք սէրը նոյնիսկ եթէ կ՛ընթանանք հակահոսանք ... ընդունեցանք սիրոյ մարտահրաւէրը զոր Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ» յարեց հուսկ Թաուատրոս Պատրիարքը ապա յիշեց յիսուն տարիներ առաջ Սուրբ Պօղոս Զ-ի եւ Շնուտա Գ Պատրիարքի միջեւ կայացած պատմական հանդիպումը ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2017 թուականին Եգիպտոս կատարած այցելութիւնը եւ այդ առիթով արտասանած խօսքերը։

« Մեր պատկանելիութիւններուն եւ արմատներուն տարբերութիւններուն հանդերձ մեզ կը միաւորէ Քրիստոսին սէրը որ կ՛ապրի մեր մէջ, ու մեր առաքելական հայրերուն եւ սուրբերուն շարանը մեզ կը շրջապատէ եւ կ՛առաջնորդէ» ըսաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ առաջնորդը ակնարկելով Մարկոս առաքեալին որ Ղպտի եկեղեցւոյ հիմնադիրն է եւ Աղեքսանդրիոյ` որ աշխարհի ամենահին առաքելական աթոռներէն մին է։

Քալենք ինչպէս քալեց Յիսուս
Քալենք ինչպէս քալեց Յիսուս

Քալենք ինչպէս քալեց Քրիստոս

Կը գտնուիմ այստեղ, վայրին մէջ ուր քարոզեցին Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները եւ ուրախ եմ ձեր հետ հանդիպելուս համար այս գեղեցիկ հրապարակին վրայ ... Ես կը մտածեմ այս սիւների մասին, որոնք կը պահեն այս վայրը՝ յիշեցնելով Ֆիլատելֆիայի հրեշտակներուն Աստուծոյ տուած խոստումը. «Յաղթողին որպէս սիւն կը դնեմ իմ Աստուծոյ տաճարին մէջ, և ան այլևս դուրս պիտի չգայ» (Յայտնութիւն 3։12)։

Ձեզմէ բոլորէդ կը խնդրեմ հաւատարիմ մնալ այս խոստումին, եւ քալենք ինչպէս քալեց Քրիստոս ու համայն աշխարհին համար հայցենք խաղաղութիւն մը, որ գերազանցէ բոլոր մտքերը աղօթելով որ ան հասնի իւրաքանչիւր անկիւն որպէսզի ըլլայ ղեկավարներու եւ ազգերու առաջնահերթութիւնը։

«Ձեզ հետ միասին կ՜աղօթեմ որպէսզի Աստուած լսէ մեր աղօթքները» ըսաւ ապա Թաուատրոս Պատրիարքը եզրափակելով իր խօսքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը

Թաուատրոս Պատրիարքէն ետք խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ «Մեծ ուրախութեամբ» ողջունեց «Նորին Սուրբ Օծութիւն Թաուատրոս Բ Պատրիարքը, Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Սուրբ Մարկոսի Աթոռի Պատրիարք, ու անոր ընկերացող պատուաւոր պատուիրակութիւնը»։

Յիսուսն տարուայ ուղեւորութիւն

«Թաուատրոս Պատրիարքը ընդունեցաւ հրաւէրս Հռոմ գալու իմ հետս տօնախմբելու համար Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Շնուտա Գ Պապի միջեւ 1973ին կայացած պատմական հանդիպումը» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ «անիկա առաջին հանդիպումն էր ընդմէջ Հռոմի Եպիսկոպոսի մը եւ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքի, որ աւարտեցաւ «քրիստոսաբանութեան» յիշարժան ընդհանուր հռչակագրի ստորագրութեամբ, ճիշտ 10 մայիսին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Պատրիարքը

«Ի յիշատակ այդ իրադարձութեան Նորին Սուրբ Օծութիւն Թաուատրոսը առաջին անգամ եկաւ ինձ այցելելու տասը տարիներ առաջ` 10 մայիսին, իր եւ իմ ընտրութենէս մի քանի ամիսներ ետքը, ինծի առաջարկելով ամէն տարուայ տասը մայիսին տօնախմբել «Ղպտի Կաթողիկէ բարեկամութեան Օրը», որ այդ օրէն կը տօնախմբենք ամէն տարի» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին որ «ընդունեց հրաւէրը այս կրկնակի տարեդարձներուն առիթով», ապահովեցնելով իր աղօթքները, որպէսզի «Սուրբ Հոգիին լոյսը լուսաւորէ Անոր Հռոմ այցելութիւնը ու կարեւոր հանդիպումները»։

Աղօթենք որպէսզի աճինք հաղորդութեան մէջ

«Ի սրտէ շնորհակալ եմ Ձեր յանձնառումին համար ի նպաստ Ղպտի Օրթոտոքս ու Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ աճող բարեկամութեան» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց հայցելով Ղպի Եկեղեցիներու Սուրբերուն ու Մարտիրոսներուն բարեխօսութիւնը Ամենակալ Աստուծմէ հայցելով, որ «օգնէ մեզի, աճելու համար հաղորդութեան մէջ, միակ ու սուրբ հաւատքի, յոյսի ու քրիստոնէական սիրոյ կապի մէջ»։ Քահանայապետը ապա յատուկէն յիշեց մի քանի տարիներ առաջ Ղպտի եկեղեցւոյ Լիպիոյ ծովափին վրայ նահատակուած մարտիրոսները զանոնք նկատելով նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նահատակներ։

«Բոլոր ներկաներէն կը խնդրեմ, որ աղօթեն առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ Թաուատրոս Պապին այցելութիւնը Հռոմ, պաշտպանէ համայն օրթոտոքս եկեղեցին։ Թող` որ այս այցելութիւնը աւելի արագ կերպով մօտեցնէ այն օրհնեալ օրը. երբ մենք պիտի ըլլանք մի ի Քրիստոս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2023, 09:42

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >