Որոնել

Աւետարանումի եռանդը` Սուրբ Անտրէա Քիմ Թաէկոնի օրինակը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

Տիրոջ աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ Անոր հետեւիլ, հետեւիլ Անոր ճանապարհին։ Քրիստոնեան ուստի իր բնութեամբ միսիոնար ու վկայ է, նման Յիսուսին։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հասարակութիւն, այս ինքնութիւնը կ՛ընդունի Սուրբ Հոգիէն եւ նոյն ձեւով ալ զայն կ՛ընդուի համայն Եկեղեցին, Պենտեկոստէի օրէն սկսեալ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այս խորհրդածութիւններու շարքին մէջ մենք մեզ կը դնենք Սուրբերու դպրոցին մէջ, որոնք որպէս օրինակելի վկաներ մեզի կը սորվեցնեն առաքելական եռանդը»։ Այս խօսերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 24 մայիսի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որ անգամ մը եւս կեդրոնացուց «Աւետարանական կիրքի եւ հաւատացեալի առաքելական եռանդի» նիւթին վրայ, որպէս օրինակ ներկայացնելով Քորէական Եկեղեցւոյ քահանայ ու մարտիրոս` Սուրբ Անտրէս Քիմ Թաէկոնը, որուն կեանքը «խօսուն վկայութիւն է Աւետարանի հռչակումի կիրքին ու եռանդին» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Քորէայի աւետարանումը կատարուեցաւ աշխարհականներու կողմէ»։

Վկայել Քրիստոսը մինչեւ մահ

Ան բացատրեց` թէ 200 տարիներ առաջ Քորէական հողը եղաւ քրիստոնեայ հաւատքի դէմ հալածանքներու թատերաբեմ, ուր Յիսուս Քրիստոսին հաւատալը կը նշանակէր պատրաստ ըլլալ Զայն վկայել մինչեւ մահ։ Այդ իրականութեան մէջ Սուրբ Անտրէս Քիմը, խուսափելու համար մեղադրանքէն, ինքզինք ճանչցնելու համար իր հաւատացեալներուն եւ նոյնպէս ճանչնալու համար հաւատացեալները, հարց կու տար «Յիսուսի աշակե՞րտ ես»։ Արտայայտութիւն մը, որ ինքնիր մէջ կը պարունակէ քրիստոնէական ինքնութիւնը. «Յիսուսին աշակերտ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աւետարանումի կիրքը Սուրբ Հոգիին պարգեւ

Տիրոջ աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ Անոր հետեւիլ, հետեւիլ Անոր ճանապարհին եւ քրիստոնեան իր բնութեամբ Յիսուսին հռչակողն ու վկան է։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հասարակութիւն, այս ինքնութիւնը կ՛ընդունի Սուրբ Հոգիէն եւ նոյն ձեւով ալ զայն կ՛ընդուի համայն Եկեղեցին, Պենտեկոստէի օրէն սկսեալ։

Աւետարանական կիրքը պարգեւն է Սուրբ Հոգիին։ Եւ նոյնիսկ եթէ միջավայրը նպաստաւոր չէ այդ եռանդը չի փոխուիր` Սուրբ Անտրէսը եւ Քորէացի քրիստոնեայ հաւատացեալները ցոյց տուին, որ Աւետարանի վկայութիւնը, հալածանքներու ժամանակ, կարող է հաւատքին համար պարգեւել բազմաթիւ պտուղներ։

Ոտքի կանգնիլ եւ յառաջ ընթանալ

Օր մը երբ Սուրբ Անտրէսը` ուժասպառ կ՛իյնայ ձիւնին տակ, առանց կերակուրի երկար ճամբորդութենէ մը ետք, յանկարծ ձայն մը կը լսէ` որ իրեն կ՛ըսէ. «Ոտքի ել եւ քալէ»։ Ան ոտքի կ՛ելլէ եւ կը տեսնէ ստուեր մը որ զինք կ՛առաջնորդէր։

Այս Քորէացի մեծ վկային փորձառութիւնը կը բացայայտէ առաքելական եռանդի շատ կարևոր կողմ մը. մարդ պէտք է քաջութիւնն ունենայ ոտքի կանգնելու ամէն անգամ որ սայթաքի և երբեք չի հրաժարի շարունակել աւետարանել, նոյնիսկ հակասութիւններու և դժուար իրավիճակներուն մէջ»։

Հայցենք առաքելական քաջութեան շնորհքը

«Որքան ալ որ իրավիճակը ըլլայ դժուար, եւ նոյնիսկ թուայ `որ տեղ չկայ աւետարանի պատգամին պէտք  չէ յուսահատինք եւ հրաժարինք յառաջ տանելէ քրիստոնէական կեանքին հիմնական այս իրողութիւնը` այսինքն աւետարանումը», ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ  «այս է ճանապարհը» ու հրաւիրելով այդ մէկը ընել նայելով սուրբերուն ու «աւետարանել ընտանիքը, բարեկամները, խօսիլ Յիսուսի մասին ու աւետարանել` սիրտը լի ուրախութեամբ եւ ուժով»։

Այս մէկը մեզի կը պարգեւէ Սուրբ Հոգին ուստի պատրաստուինք զԱյն ընկալելու յառաջիկայ Պենտեկոստէի տօնին, Անորմէ հայցենք շնորհքը առաքելական քաջութեան, շնորհքը աւետարանելու եւ միշտ յառաջ տանելու Յիսուսին պատգամը» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2023, 09:17

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >