Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն. «Սուրբ Ծնունդը Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի հետ միասին»

«Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ ամէն բան կը պատկանի սիրոյ, կ՛ապրուի սիրոյն մէջ, կը կատարուի սիրոյ համար եւ կու գայ սէրէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Ծնունդը Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի հետ միային» այս եղաւ խորագիրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 դեկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որ է նաեւ 2022 տարուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առիթով Սրբազան Պապը ուզեց խորհրդածութիւնը կեդրոնացնել Սուրբ Ծննդեան տօնին վրայ ու այս մէկը ընել ներշնչուելով Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի խօսքերէն, Սուրբի մահուան չորրորդ դարադարձին առիթով, որուն համար Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց առաքելական նամակ մը, որ լոյս տեսաւ այսօր եւ որուն բնաբանն է «Ամէն ինչ կը պատկանի սիրոյ»։

Սովորութեան համաձայն ունկնդրութիւնը սկիզբ առաւ Աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեամբ, որ այսօր քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն. 

Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթղեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։ Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը։ (Ղուկ. 2, 15-16)

«Ծիսական ժամանակաշրջանը մեզ կը հրաւիրէ խոկալու Սուրբ Ծննդեան խորհուրդի մասին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու աւելցնելով, թէ «մենք այս կարող ենք ընել` Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս եւ Վարդապետ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի մտքերուն լոյսին տակ, որուն այս տարի կը յիշատակուի մահուան չորս հարիւրերորդ տարեդարձը»։

Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի մահուան չորրորդ դարադարձը

«Այս առնչութեամբ ուրախութիւնն ունիմ յայտարարելու, թէ այսօր կը հրապարակուի այս յոբելեանը յիշատակով առաքելական նամակ մը, որուն խորագիրն է «Ամէն բան կը պատկանի սիրոյ», ներշնչուելով Սուրբ Եպիսկոպոսի խօսքերէն, որ կը հաստատէր թէ «Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ ամէն բան կը պատկանի սիրոյ, կ՛ապրուի սիրոյն մէջ, կը կատարուի սիրոյ համար եւ կու գայ սէրէն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յիսուսին գահը` մսուրը

Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Տի Սալէսին Սրբուհի ճովաննա Ֆրանչեսքա Տի Շանթալին ուղղած բազմաթիւ նամակներէն մէկուն, որուն մէջ Ան կը գրէ. «Ես կը նախընտրեմ հարիւր անգամ տեսնել փոքրիկ Մանուկը մսուրին մէջ, քան բոլոր թագաւորները իրենց գահերուն վրայ»։ «Յիսուս տիեզերքի Թագաւորը երբեք գահի վրայ չբազմեցաւ, ան ծնաւ ախոռի մը մէջ, պատուած խանձարուրով մսուրի մը մէջ եւ վերջաւորութեան մեռաւ խաչին վրայ ու սաւանի մէջ պատուած զետեղուեցաւ գերեզման» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ղուկաս Աւետարանիչը արդարեւ Յիսուսին Ծնունդը պատմելով շատ կը պնդէ մսուրին մանրամասնութեան վրայ։ Այս կը նշանակէ, թէ ան շատ կարեւոր է, թէ խորհրդանշական տարր մըն է հասկնալու համար ի՞նչ տեսակ Մեսիա մըն է Ան, որ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ո՞վ է Յիսուս։

Աստուծոյ ոճը մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն է

«Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, որ մեզ կը փրկէ մարդեղանալով, մերկանալով իր փառքէն եւ նուաստանալով։ Մենք այս խորհուրդը կը տեսնենք շօշափելի կերպով մսուրին մէջ. Այսինքն այդ Մանուկին մէջ, որ պառկած է այդ մսուրին մէջ։ «Ասիկա նշանն է` որ Աստուած մեզի կը պարգեւէ Սուրբ Ծնունդին օրը, բացայայտելով թէ Աստուծոյ ոճը մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Իր այս ոճով է, որ Ան մեզ իրեն կը ներքաշէ։ Ուժով չի ներգրաւեր մեզ, իր ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը չի պարտադրեր։Ան կը ցանկայ մեզ գրաւել սիրով, քնքշութեամբ։

Ներգրաւուիլ Երկնային Մանուկի սիրով

«Մէկ այլ Նամակի մը մէջ Սուրբ Ֆրանսեքոսը, մեզ կը հրաւիրէ թոյլ տալ ներգրաւուիլ այս Երկնային Մանուկի սիրով: Աստուծոյ սէրը եսասէր եւ տիրապետող սէր մը չէ, ան մաքուր պարգեւ է, շնորհք է, ան ամբողջութեամբ ու միայն մեզի համար է, մեր բարիքին համար է», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այլ մէկ ոլորտի մը` որ է աղքատութիւնը, որ պէտք է հասկցուի, որպէս հրաժարում աշխարհիկ որեւէ ունայնութենէ։

«Այո, եկէք զգոյշ ըլլանք, որ չսայթաքինք Սուրբ Ծննդեան աշխարհիկ ծաղրանկարի մէջ, որ վերածուած է սպառողական տօնի: Ո՛չ, Աստուծոյ սէրը մեղրուած սէր չէ, այդ մէկը մեզի կ՜ապացուցէ Յիսուսին մսուրը: Մեր մեծերը, որոնք ճանչցան պատերազմ և նոյնիսկ սով, լաւ գիտէին այդ մէկը. Սուրբ Ծնունդը, իհարկէ, ուրախութիւն տօն է, բայց պարզութեան և խնայողութեան մէջ»:

Նայինք մսուրին ու խաչին

Քահանայապետը խորհրդածութիւնը աւարտեց Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի այլ մէկ խօսքով զոր Ան արտասանած էր իր մահէն երկու օր առաջ,  ապա նշեց թէ «Մանուկ Յիսուսէն մեզի փոխանցուած մեծ դասը Սուրբ Ֆրանչեսքօ տէ Սալէսի իմաստութեան միջոցաւ այն է` ոչ մէկ բան ցանկալ, եւ ոչ մէկ բան մերժել, բոլոր այն բաներէն զոր Աստուած մեզի կ՛ուղարկէ, այլ այդ բաները ընդունիլ դրդուած սիրով, քանի որ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ միայն մեր բարիքը կ՜ուզէ»։

«Նայինք մսուրին, որ Յիսուսին գահն է, Յիսուսին նայենք Հրէաստանի, Գալիլեայի փողոցներուն մէջ՝ մինչ կը քարոզէ Հօր պատգամը և նայինք Յիսուսին միւս գահին՝ խաչին վրայ։ Ահա թէ ինչ կ՛առաջարկէ մեզի Յիսուս` ճանապարհը, բայց այս մէկը երջանկութեան ճանապարհ է» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն ու անոնց  ընտանիքներուն մաղթելով` բարի Սուրբ Ծննդեան շրջան եւ բարի տարեսկիզբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2022, 09:37

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >