Որոնել

Տիրոջմէ հայցենք Յոյսի Քրիստոնէական առաքինութիւնը. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Քրիստոնեան յոյս ունի ոչ թէ իր վաստակի շնորհիւ: Եթէ ան կը հաւատայ ապագային,պատճառը այն է, որ Քրիստոս մեռաւ և յարութիւն առաւ և մեզի պարգեւեց իր Հոգին: Ինչպէս հաստատած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը. «մեզի կ՛ առաջարկուի փրկանքը այն իմաստով, որ մեզ շնորհուեցաւ յոյսը, վստահելի յոյս, որու շնորհիւ մենք կարող ենք ներգրաւել մեր ներկան»: Այս իմաստով է որ մենք կ՛ըսենք որ Յոյսը աստուածաբանական առաքինութիւն է` նուէր որ մեզի կը տրուի անմիջապէս Աստուծմէ։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, անցեալ շաբաթ սկսանք խորհրդածել աստուածաբանական առաքինութիւններուն մասին։ Անոնք երեք հատ են. հաւատք, յոյս, սէր։ Վերջին անգամ խօսեցանք հաւատքի մասին այսօր կարգն է յոյսին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան, ապա ակնարկեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին որ յոյսի առաքինութիւնը կը սահմանէ այսպէս. «Յոյսը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով մենք կը բաղձանք իբր մեր երանութիւնը ունենալ երկնքի Արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, մեր վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ոչ թէ մեր ուժերուն այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան»։

Յոյսն ու յուսահատութիւնը

Այս խօսքերը մեզի կը հաստատեն, թէ յոյսը մեր սրտին նուիրուած պատասխանն է երբ մեր մէջ կը ծագի բացարձակ հարցը «Ի՞նչ պիտի պատահի ինծի. Ո՞րն է ուղևորութեան նպատակակէտը: Ի՞նչ պիտի պատահի աշխարհի ճակատագրին»:

«Բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք թէ այս հարցումներուն ժխտական պատասխան մը մեր մէջ կը հրահրէ տխրութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «եթէ չկայ կեանքի ճանապարհորդութեան իմաստ, եթէ սկիզբն ու աւարտը ունայն են, մենք մեզի հարց պիտի տանք ի՞նչու քալել»։

«Եւ ահա այստեղէն է որ կը ծնի մարդուս յուսահատութիւնը, ամէն բանի ունայնութեան զգացումը ու շատեր կարող են ըմբոստանալ ըսելով. Ջանք դափեցի. որպէսզի ըլլամ առաքինի, շրջահայեաց, արդար, ուժեղ, ժուժկալ, եղայ հաւաքի մարդ կամ կին...ինչ բանի ծառայեց այս իմ պայքարս.։

«Եթէ յոյսը կը բացակայի միւս բոլոր առաքինութիւնները մոխրանալու եւ փշրուելու վտանգի կ՛ենթարկուին։»

Յոյսը Աստուածային պարգեւ

«Քրիստոնեան յոյս ունի ոչ թէ իր վաստակի շնորհիւ: Եթէ ան կը հաւատայ ապագային,պատճառը այն է, որ Քրիստոս մեռաւ և յարութիւն առաւ և մեզի պարգեւեց իր Հոգին: Ինչպէս հաստատած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը. «մեզի կ՛ առաջարկուի փրկանքը այն իմաստով, որ մեզի շնորհուեցաւ յոյսը, վստահելի յոյս, որուն շնորհիւ մենք կարող ենք ներգրաւել մեր ներկան»:

«Այս իմաստով է որ մենք կ՛ըսենք թէ Յոյսը աստուածաբանական առաքինութիւն է, նուէր` որ մեզի կը տրուի անմիջապէս Աստուծմէ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց Սուրբ Պօղոսին, որ  կասկածամիտ քրիստոնեաներուն կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չ՛արաւ, ուրեմն ի զուր է ձեր հաւաքը եւ դուք տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. Իսկ անոնք որ ննջեցին ի Քրիստոս, կորսուեցա՞ն։ Եթէ մեր յոյսը Քրիստոսի վրայ միայն այս կեանքին համար է, մենք բոլոր մարդոց մէջ ամենէն ողորմելիներն ենք (Ա Կորընթ. 15,17-19)։

Ան ըսել կ՛ուզէր. «Եթէ կը հաւատաս Քրիստոսի յարութեան, ուրեմն վստահութեամբ գիտես, թէ ոչ մէկ պարտութիւն եւ ոչ մէկ մահ առ յաւէտ է։ Բայց եթէ չես հաւատար Քրիստոսի յարութեան, ուրեմն ամէն բան կը դառնայ դատարկ, նոյնիսկ Առաքեալներուն քարոզութիւնը»։

Յոյսին դէմ կը մեղանչենք երբ Աստուծոյ սէրը կը դադրի այն յաւերժական կրակը ըլլալէ 

«Յոյսը առաքինութիւնն է, որուն դէմ կը մեղանչենք յաճախ...անոր դէմ կը մեղանչենք երբ կ՛ընկճուինք մեր մեղքերուն առջեւ, մոռնալով, որ Աստուած ողորմած է եւ մեր սրտէն շատ աւելի մեծ է... եղբայրներ եւ քոյրեր չմոռնանք որ Աստուած ողորմած է, Ան միշտ ալ մեզի կը ներէ։ Մենք ենք, որ կը յոգնինք ներում հայցելէ»

«Յոյսին դէմ կը մեղանչենք երբ Աստուծոյ սէրը կը դադրի այն յաւերժական կրակը ըլլալէ եւ մենք քաջութիւնը չունինք որոշումներ կայացնելու, որոնք մեր բոլոր կեանքը կը ներգրաւեն։ Չմոռնանք այս ճշմարտութիւնը Աստուած կը ներէ միշտ» շեշտեց ապա Սրբազան Պապը ու հաստատեց. «Աշխարհը այսօր մեծ կարիքը ունի այս քրիստոնէական առաքինութեան։ Այնպէս ինչպէս կարիքը ունի համբերութեան. որ յոյսին հետ սերտօրէն կապուած առաքինութիւն է»։

«Համբերող մարդիկը բարիի հիւսողներն են։ Անոնք վճռակամ կերպով խաղաղութիւն կը բաղձան...համբերութիւնը ունի սպասումի կարողութիւնը եւ այն. որ ոգեւորուած է յոյսով եւ համբերատար է. կարող է շրջանցել խաւար գիշերները»։

Յոյն ու համբերութիւնը

«Յոյսը երիտասարդ սիրտ ունեցողներու առաքինութիւնն է. իսկ տարիքը այստեղ նշանակութիւն չունի: Որովհետև կան նաև լոյսով լի աչքերով ծերեր, որոնք մշտական ​​լարուածութիւն կ՛ապրին դէպի ապագայ։ Մտածենք Աւետարանի այդ երկու մեծ ծերունիներուն՝ Սիմէոնի և Աննայի մասին. անոնց չյոգնեցան սպասելէ և տեսան իրենց երկրային ճանապարհորդութեան վերջին հատուածը, որ օրհնուած էր Մեսիայի հետ հանդիպումով, որ զայն ճանչցան Յիսուսին մէջ, որ տաճար բերուած էր իր ծնողներու կողմէ»։

«Ի՛նչ շնորհք պիտի ըլլալ եթէ բոլորիս համար ալ այսպէս ըլլար։ Եթէ ​​երկար ճանապարհորդութենէ յետոյ, վար առնելով մեր պայուսակն ու փայտը, մեր սրտերը լեցուած ըլլային ուրախութեամբ մը, որ երբեք չէինք զգացած, և մենք ալ կարողանայինք բացականչել. Հիմա ով Տէր կրնաս քու խօսքիդ համաձայն խաղաղութեամբ արձակել քու ծառադ, որովհետեւ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ, զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, լոյս որ կը յայտնուի բոլոր հեթանոսներուն եւ փառք քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի (Ղուկ 2,29-32)։

Հայցենք յոյսին պարգեւը

«Եղբայրներ և քոյրեր, յառաջ ընթանանք և խնդրենք յոյս ունենալու շնորհքը, յոյսը համբերութեամբ: Միշտ նայինք այդ վերջնական հանդիպմանը, հասկնանք, որ Տէրը միշտ մեր կողքին է, որ երբեք, երբեք մահը յաղթական չէ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցելու. որ մեզի շնորհէ յոյսի այս մեծ առաքինութիւնը՝ ուղեկցուած համբերութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2024, 09:48

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >