Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Իմաստ տալ կեանքին». Քահանայապետին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Իմաստութեամբ հարուստ Տարեցները շատ բարիք կ՜ընեն երիտասարդներուն, զանոնք կը փրկեն տխուր եւ իմաստութենէ զուրկ աշխարհի մը ճանաչումէն եւ կը տանին դէպի Յիսուսին խոստումը. «Երանի անոնց` որոնք ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ պիտի յագենան (Մատթ 5,6)»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25 Մայիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան համար Ֆրանչիսկոս Պապը ընտրեց Աստուածաշունչի Բանք Ժողովողին գիրքը, որմէ քաղուած հետեւեալ հատուածին վրայ հիմնուելով շարունակեց ներկայացնել ծերութեան մասին իր խորհրդածութիւնները։

Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ, վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան։ Ամէն բան արդարեւ ունայնութիւն եւ քամիին ետեւ վազվզուք է։ Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ, քանզի ինձմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա ....Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանները պահէ՛, Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Արդարեւ Աստուած դատաստանի պիտի բերէ ամէն գործ, նոյնիսկ ամէն ծածուկ բաները, բարի կամ չար» (Բանք Ժողովողին 2,17-18; 12,13-14)։

«Ամէն ինչ ունայնութիւն է»

Մեր ծերութեան մասին ուղեւորութեան ընթացքին այսօր կը բանանք Բանք Ժողովողին գիրքը, որ մեզ բոլորս կը ցնցէ այն արտայայտութեամբ, որ կարծես կասկածի տակ կը դնէ գոյութեան իմաստը. «Ամէն ինչ ունայնութիւն է»։

Արդարեւ Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդի Ժողովողին շարունակական տատամսումերը իմաստի եւ անիմաստութեան միջեւ կեանքի իմացութեան հեգնական ներկայացումն են։ Գիրքի եզրակացութիւնը ցոյց կու տայ դուրս գալու ճանապարհը: «Վախցէ՛ք Աստուծմէ եւ պահեցէ՛ք անոր պատուիրանները, որովհետև մարդուս բոլոր պարտականութիւնը այդ է (12:13)»:

Առանց բարոյականութեան ճշմարտութիւն

Ժամանակակից մշակոյթը  ստեղծած է ճշմարտութեան կեղծ պատկերացում մը, որ պտուղն է ճշգրիտ գիտութիւններու եւ արհեստի, սակայն առանց բարոյականութեան։ Ան կը յայտնուի` որպէս աւելի մեծ ազատութեան աղբիւր, բայց իրականին մէջ կը հանգեցնէ հոգիի կաթուածի, որ կը վերացնէ գործելու կամքը և կը հիասթափեցնէ գոյութիւնը:

Հիասթափութեան հետ հանդիպումը

Ի տես դաժան իրականութեան, որ կարծես զէրոյի կը վերածէ աշխարհը փոխելու մեր ջանքերը, անտարբերութեան փորձութիւնը կարող է մեզի համար եւս թուալ դարման: Մեր մէջ ալ արդարեւ կը ծագին հարցումներ թէ եթէ մեր ջանքերը կարողացան փոխել աշխարհը, եւ այս մէկը տեսակ մը բացասական գուշակութիւն մըն է, որ կը ներկայանայ կեանքի ցանկացած եղանակին, եւ կասկած չկայ, որ ծերութիւնը անխուսափելի կը դարձնէ հիասթափութեան հետ հանդիպումը։

Անխախտ պահել արդարութեան նկատմամք կիրքը

Ուստի տարեցներուն դիմադրութիւնը, այս հիասթափութեան բացասական հետեւանքներուն դիմաց, վճռական է։ Եթէ տարեցները` որոնք արդեն ականատես եղան ամէն բանի, անխախտ կը պահեն արդարութեան նկատմամբ իրենց կիրքը, այս կը նշանակէ, թէ յոյս կայ սիրոյ համար ու նաեւ յոյս հաւատքին համար։

Ժամանակակից աշխարհին մէջ այս ճգնաժամէն անցնիլը դարձած է վճռորոշ, որովհետեւ մշակոյթ մը, որ յաւակնութիւն ունի ամէն բան չափելու և ամէն ինչ շահարկելու, աւարտին կը ստեղծէ իմաստի, սիրոյ եւ բարիի համընդհանուր բարոյալքում մը, որ մեզմէ կը խլէ գործելու իղձը։

Արդարեւ մեզ բարոյականութենէն ազատող գիտելիքը սկիզբը կը թուայ որպէս ազատութեան եւ ուժանիւթի աղբիւր, բայց շուտով կը վերածուի հոգիի կաթուածի։

Կեանքի իմաստութիւնը կանգ առած է

Այս գիտելիքով բացուած իմաստի և ուժի դատարկութիւնը, որ կը մերժէ բոլոր բարոյական պատասխանատուութիւնը և իրական բարիքի նկատմամբ որեւէ սէր, անվնաս չէ: Ան ոչ միայն բարին կամենալու ուժերը կը խլէ, այլեւ հակահարուածով դուռը կը բանայ չարի ուժերու նախայարձակումին համար: Եւ մենք հակառակ բարգաւաճութեան ու զարգացումին դարձած ենք «յոգնութեան ընկերութիւն մը»։

Տարածուած բարօրութիւն պիտի արտադրէինք մինչ կը հանդուրժենք գիտականօրէն ընտրողական առողջութեան շուկան։ Անյաղթահարելի սահման պիտի դնէինք խաղաղութեանը, բայց ականատես ենք միշտ անողոք պատերազմներու անպաշտպան մարդկանց դէմ: Գիտութիւնը, իհարկէ, կը յառաջդիմէ, և այս մէկը լաւ է։ Բայց կեանքի իմաստութիւնը բոլորովին այլ բան է, և ան կարծես որ կանգ առած է։

Տարեցներու իմաստութեան հարստութիւնը

Ծերութիւնը կարող է սորվիլ Ժողովողի հեգնական իմաստութենէն որպէսզի դիմակազերծէ արդարութենէն անջատուած երևացեալ ճշմարտութեան պատրանքը։ Իմաստութեամբ հարուստ Տարեցները շատ բարիք կ՜ընեն երիտասարդներուն, զանոնք կը փրկեն տխուր եւ իմաստութենէ զուրկ աշխարհի մը ճանաչումէն եւ կը տանին դէպի Յիսուսին խոստումը. Երանի անոնց` որոնք ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ պիտի յագենան (Մատթ. 5,6)։

«Արդարեւ անոնք պիտի ըլլան երիտասարդներուն մէջ արդարութեան ծարաւը սերմանողները։ժ Քաջութիւն` մեզի տարեցներուս։ Քաջութիւն, յառաջ ընթանանք։ Մենք աշխարհի մէջ ունինք մեծ առաքելութիւն մը» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 09:40

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >