Որոնել

1652859512024.jpg

Յոբը եւ հաւատքի փորձութիւնը եւ սպասումի օրհնութիւնը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

...Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։ Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։... Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար։ ...Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։ Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց. … Եւ ասկէ ետք Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրելով՝ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները մինչեւ չորրորդ ազգը։ (ՅՈԲ 42,1-6.12.16).

Աստուածաշունչի Յոբ նահապետի գիրգէն քաղուած այս ընթերցումը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 18 Մայիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Ան գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ բազմահազար ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Յոբ նահապետին հաւատքը

Շարունակելով ծերութեան մասին իր խորհրդածութիւնները Քահանայապետը որպէս տիպար ընտրեց Յոբ նահապետը ու անոր հաւատքի փորձառութիւնը։

«Այսօր մենք կը հանդիպինք Յոբին` որպէս հաւատքի վկայ մը, որ չ՜ ընդունիր վրիժառու Աստուծոյ մը ծաղրանկարը, եւ կը բողոքէ այս չարիքին դիմաց, որպէսզի Աստուած պատասխանէ եւ յայտնէ իր դէմքը» ըսաւ Քահանայապետը որ ակնարկեց թէ ինչպէս Յոբը կորսնցուցած էր ամէն բան, ինչքեր ու նոյնիսկ առողջութիւնը։

«Վերջաւորութեան Աստուած կը պատասխանէ Յոբին բայց այդ մէկը կ՜ընէ ինչպէս միշտ զարմանալի ձեւով. Յոբին ցոյց կու տայ իր փառքը առանց զայն ջախջախելու, ընդհակառակը, այդ կ՜ընէ իշխանական քնքշութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խրատելով լաւապէս ու հանդարտութեամբ կարդալ Յոբին գիրքը եւ աշակերտել անոր։

Կեղծաւոր և ամբարտաւան բարեպաշտութիւնը

Վերեւ կարդացուած Յոբի գիրքի եզրափակիչ հատուածին մէջ Աստուած կը յանդիմանէ Յոբին բարեկամները, որոնք կ՜ենթարէին թէ ամէն բան գիտեն, Աստուծոյ եւ ցաւի մասին եւ եկած էին մխիթարելու Յոբը, սակայն ի վերջոյ կը քննադատեն զինքը իրենց կեղծաւոր և ամբարտաւան բարեպաշտութեամբ։ Եւ Աստուած զանոնք կը դատապարտէ այս բանին համար։

Տէրը արդարեւ այսպէս կ՜արտայայտուի «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասն զի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք։ Ուստի հիմա Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ, որպէսզի ես ալ անոր աղօթքը ընդունելով՝ ձեր անմտութեանը պէս չընեմ ձեզի. վասն զի իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք» (42,7-8)։

Աստուած արդարեւ մեզի իրաւունք կու տայ բողոքելու անարդարութեան ու չարին դէմ, եւ Յոբը կը մերժէ զԱստուած ընդունիլ, որպէս վրիժառու եւ ասոր համար Տէրը անոր` որպէս վարձատրութիւն կը պարգեւէ իր ինչքերուն կրկնապատիկը։

Կեանքին իրականութիւնը` համավարակը, պատերազմը

«Յոբ»ի գիրքը ողբերգական և օրինակելի կերպով կը ներկայացնէ կեանքին իրականութիւնը ... չափազանց ծանր փորձութիւններ որոնց կ՜ենթարկուին մարդը, ընտանիքը կամ ժողովուրդ մը, որոնք անհամաչափ են մարդկային փոքրութեանն ու թուլութեան դիմաց։ Կան անձինք` որոնք համակուած են չարիքներու մէկ ամբողջութեամբ, որ իսկապէս չափազանցուած և անարդար կը թուի:

«Բոլորս ճանչցած ենք այսպիսի անձեր, ու տպաւորուած մնացած ենք անոնց աղաղակներուն դիմաց եւ զարմացած` անոնց հաւատքի հաստատունութեամբ և սիրով», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մտաբերելով հաշմանդամ ու ծանր հիւանդութիւններ ունեցող զաւակներով ընտանիքները, տնտեսական միջոցներու պակասութեան պատճառաւ վատթարացած իրավիճակները...

«Այս է այն ինչ` որ պատահեցաւ նաեւ Քովիտ19 համավարակի ընթացքին եւ այսօր ալ կը պատահի Ուքրանիոյ պատերազմի ընթացքին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նշելով որ Յոբի հաւատոյ դաւանանքը` որ ի յայտ կու գայ անոր Աստուծոյ անդադար դիմումէն, կ՜աւարտի նահապետին խօսքերով որ կ՜ըսէ «Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։ Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։

Տարեցներուն վկայութիւնը

«Այս վկայութիւնը յատկապէս հաւատալի է, եթէ ծերութիւնն իր վրայ կը վերցնէ զայն իր առաջադէմ փխրունութեան և կորստի մէջ» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ տարեցները շատ բաներ տեսան ու տեսան նաեւ մարդոց խոստումներուն անհամապատասխանութիւնը։ Մարդիկ որոնք հալածողը կը շփոթեն զոհին հետ, այս վերջինիս վերագրելով իր ցաւին պատասխանատուութիւնը։

Տարեցները որոնք կը վերագտնեն վկայութեան ճանապարհը, որ կորուստի համար դժգոհութիւնը կը վերածէ Աստուծոյ խոստումը սպասելու համառութեան, անփոխարինելի պաշտպանութիւն են հասարակութեան` դիմակայելու համար չարի ծայրայեղութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը որ խօսքը եզրափակեց դիտել տալով, որ  «Խաչեալին մղուած հաւատացեալներու հայեացքը այս բանը կը սորվի» ու թէ «մենք ալ կարող ենք այս մէկը սորվիլ բազմաթիւ մամիկ պապիկներէն, բազմաթիւ տարեցներէն , որոնք Մարիամի նման իրենց աղօթքը կը միացնեն, որ երբեմն սրտաճմլիկ է, Աստուծոյ Որդիին աղօթքին, որ խաչին վրայ կը յանձնուի Հօրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 09:35

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >