Որոնել

«Օրէնքի դաստիարակչական արժէքը». Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Լաւ պիտի ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք` թէ որ մէկ շրջանի մէջ կ՛ապրինք, եթէ տակաւին պէտք ունինք օրէնքին եւ կամ գիտակից ենք թէ ընդունեցանք շնորհքը դառնալու Աստուծոյ զաւակներ ու ապրելու Անոր սիրոյն մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Պօղոսը սիրահարուած Յիսուս Քրիստոսով որ լաւապէս հասկցած էր թէ ինչ ըսել է փրկութիւնը մեզի սորվեցուց որ «խոստումին որդիները» (Գաղատ. 4,28), այսինքն մենք ամէնքս, արդարացած Յիսուսի Քրիստոսի մէջ հաւատքով, այլեւս Օրէնքի կապանքի տակը չենք, այլ կոչուած ենք Աւետարանի ազատութեան մէջ յանձնառու կեանքի ապրելաոճին» այս խօսքերով Սրբազան Պապը, Չորեքշաբթի 18 օգոստոս 2021ի առաւօտեան, սկիզբ տուաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան շարունակելով Պօղոս առաքեալի գաղատացիներու թուղթին նուիրուած խորհրդածութիւնները։ 

Օրէնքը եղաւ մեր դաստիարակը` մինչեւ Քրիստոս

Սուրբ Պօղոս կը գրէ «Մինչեւ հաւատքին գալուստը, մենք փակուած էինք Օրէնքին պահպանութեան ներքեւ, վերապահուած ըլլալով յայտնուելիք հաւատքին։ Օրէնքը ուրեմն եղաւ մեր դաստիարակը` մինչեւ Քրիստոս, որպէսզի մենք հաւատքով ընդունէինք արդարացումը։ Բայց երբ հաւատքը եկաւ, մենք այլեւս դաստիարակի իշխանութեան տակ չենք»։

Ո՞րն է օրէնքին դերը

«Այսօրուան խորհրդածութեան ընթացքին մենք մեզի հարց կու տանք. «ո՞րն է օրէնքին դերը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով` որ վերոյիշեալ հատուածին մէջ Սուրբ Պօղոսը կը հաստատէ, թէ «օրէնքը եղաւ դաստիարակ» ու նշելով, որ «այս մէկը գեղեցիկ պատկեր մըն է, որ պէտք է հասկցուի իր իսկական իմաստովը»։

«Պօղոս առաքեալը կը թելադրէ փրկագործութեան պատմութիւնը կիսել երկու մասի. առաջին` հաւատքը ընդունիլը ու երկրորդ հաւատքը ընդունելէն ետքը։ Այս երկուքի մէջտեղ կայ Յիսուսին մահուան ու յարութեան դրուագը զոր Սուրբ Պօղոսը կը քարոզէ հրահրելու համար հաւատքը Աստուծոյ Որդոյն մէջ որ է փրկութեան աղբիւրը» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով` թէ «կայ առաջ ու ետք մը» եւ անցեալի պատմութիւնը յատկանշուած է Օրէնքին տակ գտնուելով մինչ յաջորդը պէտք է ապրուի հետեւելով Սուրբ Հոգիին։

Օրէնքին գործառոյթը կ՛աւարտի երբ հաւատքը կը հասնի

«Յիսուս Քրիստոսին մէջ հաւատքէն առաջ օրէնքը ունի դաստիարակի դեր մը։ Անիկայ մեզի կ՜ըսէ թէ ուր է սխալը ու մարդիկը կը դարձնէ իրենց մեղքերուն գիտակից։ Մարդը այսպիսով կը գտնուի օրէնքին տակ, ստրկութեան կացութեան մը մէջ։

Անցեալին արդարեւ դաստիարակը չունէր մեր այսօրուայ հասկացողութեամբ դերակատարութիւնը, այսինքն հոգ տանիլ երախային ու դաստիարակել զայն, ո՛չ, ան կը հայէր ստրուկին, որուն պարտականութիւնն էր ընկերանալ իր տիրոջ զաւկին, զայն տանելով ուսուցիչին մօտ, ապա զայն դարձեալ տուն առաջնորդել։ Ան ուստի պիտի ապշտապնէր երեխան վտանգներէն ու անոր վրայ պիտի հսկէր, որպէսզի չի սայթաքի։ Անոր գործառոյթը աւելի կարգապահական էր, եւ երբ պատանին կը մեծնար ստրուկին պարտականութիւնն ալ կը դադրեր»։

Ասոր համար Սուրբ Պօղոսին Օրէնքի մասին այդ ձեւով խօսիլը առիթ էր յստակացնելու օրէնքին դերը Իսրայէլի պատմութեան մէջ։ Թորան` օրէնքը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն էր ժողովուրդին։ Ան ունէր սահմանափակող գործառոյթներ բայց միեւնոյն ատեն կը պաշտպանէր ժողովուրդը , կը դաստիարակէր ու թիկունք կը կանգնէր անոր` տկարութեան մէջ։

Սուրբ Պօղոս համոզուած էր, որ օրէնքը ունէր դրական գործառոյթ մը, բայց ժամանակի մէջ սահմանափակ։ Անիկա չէր կրնար երկարիլ չափէն աւելի, որովհետեւ զօդուած էր մարդոց հասունութեան ու անոնց ընտրանքին ընտրելու ազատութիւնը։ Անգամ մը` որ հաւատքը կը հասնի Օրէնքը կը կորսնցնէ իր դաստիարակչական դերը ու տեղ կու տայ այլ մէկ իշխանութեան։

Օրէնքին կարիքը ունենալէն ետք կ՛ընդունինք շնորհքը դառնալու Աստուծոյ զաւակները 

Այս դէպի Յիսուս Քրիստոսի դարձէն առաջ ու ետքի իրականութիւնը գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Օրէնքին կարիքը ունենալէն ետք կ՛ընդունինք շնորհքը դառնալու Աստուծոյ զաւակները ու ապրելու անոր սիրոյն մէջ։ Լաւ պիտի ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք` թէ որ մէկ շրջանի մէջ կ՛ապրինք, եթէ տակաւին պէտք ունինք օրէնքին եւ կամ գիտակից ենք թէ ընդունեցանք շնորհքը դառնալու Աստուծոյ զաւակներ ու ապրելու Անոր սիրոյն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու դարձեալ հարց տուաւ. «Ի՜նչպէս կ՛ապրիմ ես»։ Վախի մէջ թէ եթէ օրէնքը չի յարգեմ դժո՞խք պիտի երթամ կամ կ՜ապրիմ այն յոյսով, այն ուրախութեամբ, որ ինծի տրուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ ձրի փրկութեամբ։ Իսկ երկրորդ հարցումը. «Պատուիրանները կ՛ արհամարհե՞մ»։ Ոչ. Զանոնք կը գործադրեմ բայց ոչ որպէս բացարձակ իրողութիւն որովհետեւ գիտեմ թէ զիս արդարացնողը Յիսուս Քրիստոսն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 09:28

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >