Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներու հետ (Արխիւ) Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներու հետ (Արխիւ) 

«Առանց տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութեան պատմութիւնը յառաջ չի ընթանար». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Տիրոջմէ կը հայցեմ որ այս տօնը օգնէ մեզի, տարիքով յառաջացածներուս, որպէսզի այս կեանքի եղանակի ընթացքին համապատասխանենք Անոր կոչին եւ ընկերութեան ցոյց տայ մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու ներկայութեան արժէքը, մասնաւորապէս մնացորդացի այս մշակոյթին ի տես»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեն - Վատիկան

Կիրակի 25 Յուլիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն եւ աղօթքէն ետք խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն ակնարկեց առաւօտեան Սուրբ Պետրոսսի մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագին մեծ հայրերու, մեծ մայրերու ու տարեցներու համաշխարհային առաջին օրուան առիթով ու այդ առընչութեամբ ներկաներէն խնդրեց ծափահարութեամբ ընկալել այդ լուրը։

Տարեցներու Օրը տօնախմբել ու այցելել զանոնք

«Մեծ հայրեր, մեր մայրեր, թոռնիկներ, երիտասարդներ ու տարեցներ միասնաբար բացայայտեցին Եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ դիմագիծերէն մին ու ցոյց տուին սերունդներուն միջեւ դաշինքը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով այդ օրը տօնախմբել իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ ու նաեւ այցելել տարեցները, յատկապէս անոնք որոնք միայնակ են, անոնց յանձնելու համար Յիսուսի խոստումէն ներշնչուած պատգամ մը. «Ես քու հետդ եմ ամէն օր»։

Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը  պատմութեան աւիշ

«Տիրոջմէ կը հայցեմ որ այս տօնը օգնէ մեզի, տարիքով յառաջացածներուս, որպէսզի այս կեանքի եղանակի ընթացքին համապատասխանենք Անոր կոչին եւ ընկերութեան ցոյց տայ մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու ներկայութեան արժէքը, մասնաւորապէս մնացորդացի այս մշակոյթին ի տես» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կարիքը ունին երիտասարդներուն ու երիտասարդները կարիքը ունին անոնց։ «Անոնք պէտք է միասին խօսին պէտք է իրարու հանդիպին» յարեց Սրբազան Պապը աւելցնելով որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ունին պատմութեան աւիշը որ կ՛աճի ուժ պարգեւելով ծառին որ կը մեծնայ»։

Կարիքը կայ տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութեան

«Ամէն այն ինչ որ ծառին վրայ կը ծաղկի կը բխի այն բանէն որ կը գտնուի գետնի տակ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մէջբերելով բանաստեղծի մը խօսքը ու հաստատելով որ առանց տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութեան պատմութիւնը յառաջ չի ընթանար, կեանքը յառաջ չի մղուիր. «Կարիքը կայ որ այս մէկը վերսկսի, ասիկա մարտահրաւէր է մեր մշակոյթին համար» յարեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը իրաւունք ունին երազելու դիտելով երիտասարդները ու թէ երիտասարդները իրաւունք ունին մարգարէութեան քաջութեան աւիշը ընդունելով իրենց մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն։

«Հաճեցէք այսպէս ընել. Հանդիպեցէք մեծ հայրեր, մեծ մայրեր ու երիտասարդներ եւ խօսեցէք իրար հետ. Այս մէկը բոլորը երջանիկ պիտի դարձնէ» ըսաւ Քահանայպետը։

 

Օրուան հռչակումը

Կիրակի 31 Յունուար 2021-ին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը նշեց՝ թէ հաստատուած է «Տատիկներու, պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային Օր»ը, որ այս տարուընէ սկսեալ պիտի նշուի ամէն տարուայ Յուլիս ամսուայ չորրորդ կիրակին. Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննայի, Յիսուսին մեծ մօր ու մեծ հօր, տօնին ամենամօտ կիրակին։

«Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը յաճախ մոռցուած են ու մենք կը մոռնանք այս հարստութիւնը՝ արմատները պահպանելու ու զանոնք փոխանցելու հարստութիւնը» ըսած էր Սրբազան Հայրը այդ առթիւ մատնանշելով թէ ասոր համար որոշեց հաստատել Տարեցներու, տատիկներու եւ պապիկներու համաշխարհային օրը։

«Կարեւոր է որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հանդիպին իրենց թոռնիկներուն ու թոռնիկները հանդիպին իրենց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն հետ, որովհետեւ անոնք իրենց թոռնիկներուն դիմաց կ՛երազեն մինչ երիտասարդները ուժ քաղելով իրենց տատիկ պապիկներէն յառաջ պիտի ընթանան մարգարէանալով» աւելցուցած էր Ֆրանչիսկոս Պապը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 12:50