Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց Չինաստանի համար եւ օրհնեց Ողիմպիական խաղերը։

«Կ՛աղօթեմ զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ իմ մօտիկութիւնս ու զօրակցութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այս աղէտէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25 Յուլիսի մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ յիշեց այսօր յիշատակուող մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու ու տարեցներու համաշխարհային օրը ապա ակնարկեց անցեալ օրերուն Չինաստանի Հենան նահանգի մէջ Զենկզհու քաղաքը հարուածող  տեղատարափ անձրեւները, որոնք պատճառեցին կործանիչ ջրհեղեղներ։ 

«Կ՛աղօթեմ զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ իմ մօտիկութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այս աղէտէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա յատուկէն յիշեց անցեալ ուրբաթ օր` Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ սկիզբ առած «Թոքիօ 2020» ողիմպիական 32-րդ խաղերը նշելով` որ «համաճարակի այս ժամանակներուն այս խաղերը թող ըլլան նշան յոյսի, նշան տիեզերական եղբայրութեան` առողջ մրցակցութեան անուան տակ»։ 

«Աստուած օրհնէ կազմակերպիչները, մարզիկները ու բոլոր անոնք որոնք կը համագործակցին մարզանքի այս մեծ տօնախմբութեան համար» աւելցուց Սրբազան Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 12:36