Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներու հետ (2018) Ֆրանչիսկոս Պապ տարեցներու հետ (2018) 

Տատիկներու, պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային Օրուան հաստատումը

«Տատիկներու, պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային Օր»ը, այս տարուընէ սկսեալ պիտի նշուի ամէն տարուայ Յուլիս ամսուայ չորրորդ կիրակին, Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննայի՝ Յիսուսին մեծ մօր ու մեծ հօր, տօնին ամենամօտ կիրակին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 Յունուար 2021-ին առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով նախագահած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը նշեց՝ թէ հաստատուած է  «Տատիկներու, պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային Օր»ը,  որ այս տարուընէ սկսեալ պիտի նշուի ամէն տարուայ Յուլիս ամսուայ  չորրորդ կիրակին. Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննայի, Յիսուսին մեծ մօր ու մեծ հօր, տօնին ամենամօտ կիրակին։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, միւս օր՝ 2 փետրուարին կը յիշատակենք Յիսուսին տաճար ընծայման տօնը, երբ Սիմէոն եւ Աննան երկու ծերունիներ, լուսաւորուած Սուրբ Հոգիէն Յիսուսը կը ճանչնան որպէս Մեսիա»։

«Սուրբ Հոգին այսօր եւս տարեցներուն մէջ կը հրահրէ իմաստութեան խօսքեր եւ մտածումներ, անոնց ձայնը արժէքաւոր է, որովհետեւ կ՛երգէ Աստուծոյ փառաբանութիւնը ու կը պահպանէ ժողովուրդներուն արմատները» աւելցուց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով՝ թէ «Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ ծերութիւնը պարգեւ մըն է ու թէ  տատիկ ու պապիկները տարբեր սերունդները միացնող օղակն են, երիտասարդներուն փոխանցելու համար կեանքի եւ հաւատքի փորձառութիւնը»։

«Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը յաճախ մոռցուած են ու մենք կը մոռնանք այս հարստութիւնը՝ արմատները պահանելու ու զանոնք փոխանցելու հարստութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը մատնանշելով  թէ  ասոր համար որոշեց հաստատել Տարեցներու, տատիկներու եւ պապիկներու համաշխարհային օրը։

«Կարեւոր է որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հանդիպին իրենց թոռնիկներուն ու թոռնիկները հանդիպին իրենց մեծ հայերուն ու մեծ մայրերուն հետ, որովհետեւ անոնք իրենց թոռնիկներուն դիմաց կ՛երազեն մինչ երիտասարդները ուժ քաղելով իրենց տատիկ պապիկներէն յառաջ պիտի ընթանան մարգարէանալով» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ «յառաջիկայ 2 փետրուարը տօնն է տատիկ պապիկներու թոռնիկներու հետ հանդիպումին»։

«Աղքատները, Աստուածաշունչը եւ տարեցները Ֆրանչիսկոսի Քահնայապետութեան  առաջնահերթութիւններ։

Այս տարի օրը կը  նշուի 25 Յուլիսին։ Օրուան հռչակումին առիթով Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կենաքի Ժողովի տարեցներու հովուական խնամակալութեան պատասխանատու՝ Տիար Վիթթորիօ Շելցօ Վատիկան Նիուզին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ «աղքատները, Աստուածաշունչը եւ տարեցները, ի յայտ կու գան որպէս Ֆրանչիսկոս Պապի Քահնայապետութեան երեք առաջնահերթութիւններ։ Անոնք նաեւ եկեղեցւոյ ապագան յատկանշող երեք առաջնահերթութիւններ են, աւելցուց Շելցօ մատնանշելով, թէ հարկաւոր է վերակազմել այն ճեղքը, որ կայ ընդմէջ տարեցներուն եւ ապագայ սերունդներուն։

«Տարեցները առանձին չեն կարող փրկուիլ ու այս մէկուն ականատես եղանք համաճարակի ընթացքին։ Քահանայապետը կ՛ուզէ նաեւ ըսել որ նոյնիսկ երիտասարդները, չափահասները ու մեր ընկերութիւնը չի կրնար առանձին երկուիլ առանց տարեցներուն» ըսաւ Վիթթորիօ Շելցոն աւելցնելով, որ «Միջսերնդային երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է։  Տագնապէն աւելի լաւ եւ ոչ աւելի վատ դուրս գալու համար, կարիքը կայ ընկերութեան մը, որ հաշուի առնէ իր արմատները ու զարգացնէ իր արժէքներուն նոր համադրութիւն մը սկսեալ նաեւ տարեցներու հետ երկխօսութենէն»։Ան  ապա ընդգծեց թէ «մնացորդացի մշակոյթին հակառակը, տարեցներուն հովուական խնամակալութիւնն է. Այսինքն տարեցները ընտրել որպէս մեր հասարակութիւններու կեանքի կեդրոն»։  

Տարեցները պտաղատու ծարեր են

Տարեցները ծարեր են որոնք միշտ պտուղ կու տան ու մարդիկ են որոնք մշտապէս կը շարունակեն երազել։ Պէտք է երկխօսութեան մէջ դնել երիտասարդները տարեցներու երազներուն հետ, ինչպէսս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը «տարեցներուն երազներն են, որ կառուցեցին մեր ընկերութիւնը», ու մի գուցէ «հարկաւոր է այդ երազներուն հետ հաստատել երկխօսութիւն մը հասկնալու համր նաեւ թէ որոնք են մեր ընկերութեան ապագայի երազները», նշեց Տիար Վիթթորիօ Շելցօ։

Օրուան հռչակումը՝  համայն եկեղեցւոյ համար պարգեւ է

Միւս կողմէ  Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կենաքի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Ֆարրել ընդգծեց թէ այս օրուան հռչակումը կը ներկայանայ, որպէս առաջին պտուղը «Ամորիս Լեթիցիա Ընտանիք» տարուան, համայն եկեղեցւոյ համար պարգեւ մը, որովհետեւ տարեցներուն հովուական խնամակալութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն մըն է քրիստոնեայ հասարակութեան մը համար։

Կարդինալ Ֆարրել մատնանշելով, որ իր կառավարած Ժողովը արդեն կազմակերպեց Տարեցներուն հովուական խնամակալութեան նուիրուած առաջին միջազգային համաժողովը հաստատեց է «այսօրուընէ սկսեալ մենք մեզ միշտ աւելի յանձնառու կը զգանք աշխատելու ի նպաստ  մնացորդացի մշակոյթը եւ արժեւորելու տարեցներուն ու տատիկ մամիկներուն շնորհապարգեւները։  

Նշենք թէ Տատիկներու, պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային առաջին օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահնայապետը 25 Յուլիս 2021ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ  պիտի գլխաւորէ Սուրբ  Պատարագը, անշուշտ այս մէկը կախեալ է նաեւ առոջապահաան իրավիճակի ընթացքէն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2021, 12:20