Որոնել

Ծովու մէջ գաղթականներ Ծովու մէջ գաղթականներ 

Ակնարկ. Սպասելով ձեռնտու պայմաններուն կամ պետական նաւի աւազախրումին

Լիբանանի տնտեսական ահագնացող տագնապը, ապահովական անորոշութիւնը եւ շնչահեղձ եղած ընտանիքը փրկելու մղումը հզօր ազդեցութիւն կ՛ունենան գաղթականին կամ քաղաքացիին դիմելու այս արկածախնդրութեան:

Հիւսիսային Լիբանանէն դէպի Իտալիա մեկնող ապօրինի գաղթականութեան շղթայական առաքումներու վերջին խմբաքանակը սուրիական ջուրերուն մէջ ծովամոյն եղաւ: Աշխարհը ականատես եղաւ մարդկային ողբերգութեան հերթական արարին, երբ անտեսելով ամէն վտանգ եւ տրամադրելով մեծաթիւ գումարներ, ընտանիքներ կը հերթագրուին Լիբանանէն ապօրինի եղանակներով դուրս գալու:

Ողբերգութիւններու շղթային հերթական արարը անշուշտ ունի ընկերաքաղաքական պատճառներ: Լիբանանի տնտեսական ահագնացող տագնապը, ապահովական անորոշութիւնը եւ շնչահեղձ եղած ընտանիքը փրկելու մղումը հզօր ազդեցութիւն կ՛ունենան գաղթականին կամ քաղաքացիին դիմելու այս արկածախնդրութեան:

Կայ անշուշտ արկածախնդրական ճամբորդութիւնը կազմակերպողին  գերշահոյթ ապահովելու եւ մարդոց ողբերգութիւնը օգտագործելու վաճառականական մօտեցումին գերադասումը այս բոլորին մէջ: Գերյագեցած նաւեր, իրենց կարողութենէն շատ աւելի բեռնաւորումներ եւ պահանջ-սպառում զուտ շուկայական կանոններով գործող համակարգ: Միջազգային համակարգ հաւանաբար, որ ունի իր ցանցային դրուածքը եւ տարբեր երկիրներէ «ճամբորդներ» որսալու եղանակները:

Լիբանանը փաստօրէն միացած է ճգնաժամային կէտ եւ կամ թերաճ դասակարգուած երկիրներու շարքին: Ասիկա իր պատճառները ունի անշուշտ եւ դասական տնտեսական-ելեւմտական խոր տագնապի սահմաններէն աւելի հեռու կ՛երթայ եւ Լիբանանը կ՛առանձնացնէ այդ դասակարգումին մէջ իբրեւ յատուկ կարգավիճակ:

Լիբանանեան տնտեսական տագնապը յաւելեալ ծանրութիւն կ՛ապրի Սուրիայէն Լիբանան ապաստանած գաղթականական զանգուածին պատճառով: Գաղթականներուն յատկացուած օժանդակութիւններու կարեւորագոյն մասը կը տրամադրուի նաեւ ապաստան տրամադրող երկիրներուն: Թուրքիան, օրինակ, այս օրինաչափութիւնը առաւելագոյնս շահարկող երկիրն է: Ընդ որում` ապահովական սպառնալիքներով: Սուրիացի գաղթականներուն ապաստան տալու համար Անգարան հսկայական գումարներ կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն եւ յատկապէս Եւրոպայէն: Չստանալու պարագային կը սպառնայ խմբաքանակներ ուղարկել դէպի Եւրոպա եւ գաղթականական յաւելեալ բեռներով հարուածել Եւրոպան: Այստեղ չ՛աւարտիր թրքական գաղթականական գործողութեան սահմանը: Գաղթականական խմբաքանակներուն հետ կը գործուղուին նաեւ Թուրքիա ապաստանած ահաբեկիչներ` այս անգամ գործուղման վայրերու անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով:

Լիբանանին չեն տրուիր այս օժանդակութիւնները. առաւել եւս տնտեսական տագնապի մէջ տուայտող երկրին գաղթականական օժանդակութիւնները կը տրամադրուին ուղղակի. յար եւ նման ընկերային ամէնէն ցած աստիճանաչափը գրանցած խաւին տրուող օժանդակութիւններու միջոցին: Ուղղակի, շրջանցելով կառավարական հաստատութիւնները: Գաղթականական միջազգային քաղաքականութիւնը Լիբանանի նկատմամբ պարզապէս մէկ ուղղութիւնն է միջազգային ֆինանսական շրջափակումով յատկանշուող ընդհանուր քաղաքականութեան, որ կը հարուածէ երկիրն ու պետութիւնը:

Ճիշդ է, որ ծովամոյն եղող նաւերուն մէջ կան նաեւ գաղթականներ. վճարունակ գաղթականներ, որոնք կը տրամադրեն իրենցմէ ակնկալուած ճամբորդութեան միակողմանի տոմսերուն գիները:

Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչին պարզաբանումը լոյս կը սփռէ ընդհանուր այս քաղաքականութեան վրայ: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը կը հաստատէր, որ  ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանին եւ տեղահանուածներուն օժանդակութիւն տրամադրելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ձեռնտու պայմանները ունենալ` անոնց ապահով տունդարձը կազմակերպելու նպատակով:

Շատ անորոշ է ձեռնտու պայմաններու բնութագրումը եւ տունդարձի ժամկէտը: Մանաւանդ որ Լիբանանի վարչապետին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը գաղթականական հարցերուն անդրադառնալով կեդրոնացած էր այդ խաւի պաղեստինեան բաղադրիչին վրայ միայն:

Սպասելով ձեռնտու պայմաններուն` աշխարհը տակաւին ականատես պիտի ըլլայ նոր նաւախորտակումներու, նոր ողբերգութիւններու: Միջազգային ընտանիքին որդեգրած քաղաքականութիւնը յաւելեալ աւազախրումի պիտի առաջնորդէ լիբանանեան պետական նաւը:

Աղբիւր՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2022, 07:50