Ակնարկ. Սպասելով ձեռնտու պայմաններուն կամ պետական նաւի աւազախրումին
Հիւսիսային Լիբանանէն դէպի Իտալիա մեկնող ապօրինի գաղթականութեան շղթայական առաքումներու վերջին խմբաքանակը սուրիական ջուրերուն մէջ ծովամոյն եղաւ: Աշխարհը ականատես եղաւ մարդկային ողբերգութեան հերթական արարին, երբ անտեսելով ամէն վտանգ եւ տրամադրելով մեծաթիւ գումարներ, ընտանիքներ կը հերթագրուին Լիբանանէն ապօրինի եղանակներով դուրս գալու:
Ողբերգութիւններու շղթային հերթական արարը անշուշտ ունի ընկերաքաղաքական պատճառներ: Լիբանանի տնտեսական ահագնացող տագնապը, ապահովական անորոշութիւնը եւ շնչահեղձ եղած ընտանիքը փրկելու մղումը հզօր ազդեցութիւն կ՛ունենան գաղթականին կամ քաղաքացիին դիմելու այս արկածախնդրութեան:
Կայ անշուշտ արկածախնդրական ճամբորդութիւնը կազմակերպողին գերշահոյթ ապահովելու եւ մարդոց ողբերգութիւնը օգտագործելու վաճառականական մօտեցումին գերադասումը այս բոլորին մէջ: Գերյագեցած նաւեր, իրենց կարողութենէն շատ աւելի բեռնաւորումներ եւ պահանջ-սպառում զուտ շուկայական կանոններով գործող համակարգ: Միջազգային համակարգ հաւանաբար, որ ունի իր ցանցային դրուածքը եւ տարբեր երկիրներէ «ճամբորդներ» որսալու եղանակները:
Լիբանանը փաստօրէն միացած է ճգնաժամային կէտ եւ կամ թերաճ դասակարգուած երկիրներու շարքին: Ասիկա իր պատճառները ունի անշուշտ եւ դասական տնտեսական-ելեւմտական խոր տագնապի սահմաններէն աւելի հեռու կ՛երթայ եւ Լիբանանը կ՛առանձնացնէ այդ դասակարգումին մէջ իբրեւ յատուկ կարգավիճակ:
Լիբանանեան տնտեսական տագնապը յաւելեալ ծանրութիւն կ՛ապրի Սուրիայէն Լիբանան ապաստանած գաղթականական զանգուածին պատճառով: Գաղթականներուն յատկացուած օժանդակութիւններու կարեւորագոյն մասը կը տրամադրուի նաեւ ապաստան տրամադրող երկիրներուն: Թուրքիան, օրինակ, այս օրինաչափութիւնը առաւելագոյնս շահարկող երկիրն է: Ընդ որում` ապահովական սպառնալիքներով: Սուրիացի գաղթականներուն ապաստան տալու համար Անգարան հսկայական գումարներ կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն եւ յատկապէս Եւրոպայէն: Չստանալու պարագային կը սպառնայ խմբաքանակներ ուղարկել դէպի Եւրոպա եւ գաղթականական յաւելեալ բեռներով հարուածել Եւրոպան: Այստեղ չ՛աւարտիր թրքական գաղթականական գործողութեան սահմանը: Գաղթականական խմբաքանակներուն հետ կը գործուղուին նաեւ Թուրքիա ապաստանած ահաբեկիչներ` այս անգամ գործուղման վայրերու անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով:
Լիբանանին չեն տրուիր այս օժանդակութիւնները. առաւել եւս տնտեսական տագնապի մէջ տուայտող երկրին գաղթականական օժանդակութիւնները կը տրամադրուին ուղղակի. յար եւ նման ընկերային ամէնէն ցած աստիճանաչափը գրանցած խաւին տրուող օժանդակութիւններու միջոցին: Ուղղակի, շրջանցելով կառավարական հաստատութիւնները: Գաղթականական միջազգային քաղաքականութիւնը Լիբանանի նկատմամբ պարզապէս մէկ ուղղութիւնն է միջազգային ֆինանսական շրջափակումով յատկանշուող ընդհանուր քաղաքականութեան, որ կը հարուածէ երկիրն ու պետութիւնը:
Ճիշդ է, որ ծովամոյն եղող նաւերուն մէջ կան նաեւ գաղթականներ. վճարունակ գաղթականներ, որոնք կը տրամադրեն իրենցմէ ակնկալուած ճամբորդութեան միակողմանի տոմսերուն գիները:
Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչին պարզաբանումը լոյս կը սփռէ ընդհանուր այս քաղաքականութեան վրայ: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը կը հաստատէր, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանին եւ տեղահանուածներուն օժանդակութիւն տրամադրելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ձեռնտու պայմանները ունենալ` անոնց ապահով տունդարձը կազմակերպելու նպատակով:
Շատ անորոշ է ձեռնտու պայմաններու բնութագրումը եւ տունդարձի ժամկէտը: Մանաւանդ որ Լիբանանի վարչապետին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը գաղթականական հարցերուն անդրադառնալով կեդրոնացած էր այդ խաւի պաղեստինեան բաղադրիչին վրայ միայն:
Սպասելով ձեռնտու պայմաններուն` աշխարհը տակաւին ականատես պիտի ըլլայ նոր նաւախորտակումներու, նոր ողբերգութիւններու: Միջազգային ընտանիքին որդեգրած քաղաքականութիւնը յաւելեալ աւազախրումի պիտի առաջնորդէ լիբանանեան պետական նաւը:
Աղբիւր՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ