Միշել եւ Փութին քննարկած են Հայաստան – Ազրպէյճան յարաբերութիւններու հարցը
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Շարլ Միշել:
«Տեսակէտներ փոխանակեցինք հայ-ազրպէյճանական յարաբերութեանց կարգաւորման հեռանկարներուն վերաբերեալ. անհրաժեշտ է վստահութեան ամրապնդում եւ երկխօսութիւն», գրած է Միշել:
Ան յայտնած է, որ քննարկած են նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակի հարցը: «Վերահաստատեցի Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հողային ամբողջականութեան», կը գրէ ան` աւելցնելով. «Դատապարտեցի Պիելոռուսիոյ անկանոն գաղթականները Եւրոպական Միութեան պետութիւններուն դէմ իբրեւ զէնք օգտագործելը»:
Քրեմլինի կայքին վրայ այդ նիւթին առնչութեամբ կը նշուի հետեւեալը. «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Շարլ Միշելի խնդրանքով Ռուսիոյ նախագահը տեղեկացուցած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ համաձայնագիրներու կէտերու իրականացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին»:
Աղբիւրը «Ազդակ»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ