Վլատիմիր Փութին Վլատիմիր Փութին 

Միշել եւ Փութին քննարկած են Հայաստան – Ազրպէյճան յարաբերութիւններու հարցը

«Տեսակէտներ փոխանակեցինք հայ-ազրպէյճանական յարաբերութեանց կարգաւորման հեռանկարներուն վերաբերեալ. անհրաժեշտ է վստահութեան ամրապնդում եւ երկխօսութիւն», գրած է Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Շարլ Միշել:

«Տեսակէտներ փոխանակեցինք հայ-ազրպէյճանական յարաբերութեանց կարգաւորման հեռանկարներուն վերաբերեալ. անհրաժեշտ է վստահութեան ամրապնդում եւ երկխօսութիւն», գրած է Միշել:

Ան յայտնած է, որ քննարկած են նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակի հարցը: «Վերահաստատեցի Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հողային ամբողջականութեան», կը գրէ ան` աւելցնելով. «Դատապարտեցի Պիելոռուսիոյ անկանոն գաղթականները Եւրոպական Միութեան պետութիւններուն դէմ իբրեւ զէնք օգտագործելը»:

Քրեմլինի կայքին վրայ այդ նիւթին առնչութեամբ կը նշուի հետեւեալը. «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Շարլ Միշելի խնդրանքով Ռուսիոյ նախագահը տեղեկացուցած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ համաձայնագիրներու կէտերու իրականացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին»:

Աղբիւրը «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2021, 08:00