Հնդկաստան կը պարտաւորուի դիմել պաշտօնաթող բժիշկներուն
Հնդկաստանի մէջ ստիպուած են դիմել հարիւրաւոր պաշտօնաթող ռազմական բժիշկներու օգնութեան, առողջապահութեան գերծանրաբեռնուած համակարգի աշխատանքը թեթեւցնելու համար:
Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան, նման որոշում կայացուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման եւ մահացութեան ցուցանիշներու շարունակական աճի հետեւանքով:
Կը նախատեսուի, որ շուրջ 400 բուժաշխատակից պիտի միանայ երկրին մէջ հիւանդութեան դէմ պայքարին 11-ամսեայ պայամանգիր կնքելով:
Հնդկաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշները նոր մրցանիշներ կը գրանցեն երկու կամ երեք օրը մէկ: Կիրակի արձանագրուած մահացութեան մէկօրեայ ցուցանիշը երկրորդ օրը անընդմէջ գերազանցած է 4000-ը:
Շարք մը նահանգներու մէջ խիստ «լոքտաուն» սահմանուած է, սակայն շատերը երկրի վարչապետ Նարտենտրա Մոտիին կոչ կ'ընեն համազգային քարանթին սահմանելու:
Վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 403 738 դէպք, մահուան՝ 4092: Ընդհանուր առմամբ, մահացութեան ցուցանիշն ասիական երկրին մէջ հասած է 242 362-ի, վարակման ցուցանիշը՝ 22.3 միլիոնի:
Քաղուած «Արեւելք» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ