Հնդկաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշները նոր մրցանիշներ կը գրանցեն Հնդկաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշները նոր մրցանիշներ կը գրանցեն  

Հնդկաստան կը պարտաւորուի դիմել պաշտօնաթող բժիշկներուն

Վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 403 738 դէպք, մահուան՝ 4092: Ընդհանուր առմամբ, մահացութեան ցուցանիշն ասիական երկրին մէջ հասած է 242 362-ի, վարակման ցուցանիշը՝ 22.3 միլիոնի:
Ունկնդրէ լուրը

Հնդկաստանի մէջ ստիպուած են դիմել հարիւրաւոր պաշտօնաթող ռազմական բժիշկներու օգնութեան, առողջապահութեան գերծանրաբեռնուած համակարգի աշխատանքը թեթեւցնելու համար:

Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան, նման որոշում կայացուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման եւ մահացութեան ցուցանիշներու շարունակական աճի հետեւանքով:

Կը նախատեսուի, որ շուրջ 400 բուժաշխատակից պիտի միանայ երկրին մէջ հիւանդութեան դէմ պայքարին 11-ամսեայ պայամանգիր կնքելով:  

Հնդկաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշները նոր մրցանիշներ կը գրանցեն երկու կամ երեք օրը մէկ: Կիրակի արձանագրուած մահացութեան մէկօրեայ ցուցանիշը երկրորդ օրը անընդմէջ գերազանցած է 4000-ը:

Շարք մը նահանգներու մէջ խիստ «լոքտաուն» սահմանուած է, սակայն շատերը երկրի վարչապետ Նարտենտրա Մոտիին կոչ կ'ընեն համազգային քարանթին սահմանելու:

Վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 403 738 դէպք, մահուան՝ 4092: Ընդհանուր առմամբ, մահացութեան ցուցանիշն ասիական երկրին մէջ հասած է 242 362-ի, վարակման ցուցանիշը՝ 22.3 միլիոնի:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 08:25