Իսրայէլի մէջ. Կրօնական արարողութեան ընթացքին մեծ արկած. Կան 40-է աւելի զոհեր
Վերջին տուեալներու համաձայն՝ միջադէպի հետեւանքով զոհուած է 44 եւ վիրաւորուած է 150 մարդ:
Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններէն մէկուն մէջ նշուած Լակ պա Օմեր կրօնական տօնակատարութեան ժամանակ հարթակի փլուզման հետեւանքով մարդիկ զոհուած են եւ՝ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը:
Համացանցի մէջ յայտնուած է պատահարի տեսանիւթը, որուն մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս ամբոխը, հարթակի փլուզումէն ետք, նեղ անցուղիով կը փորձէ դուրս գալ:
Վերջին տուեալներու համաձայն՝ միջադէպի հետեւանքով զոհուած է 44 եւ վիրաւորուած է 150 մարդ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մահուան դէպքերն ու վիրաւորումները հիմնական հարթակի փլատակներուն տակ մնալու հետեւանքով եղած են:
Տօնակատարութեան կազմակերպիչներու տուեալներով, մասնակիցներու թիւը գերազանցած է 100 հազարը:
Քաղուած «Արեւելք» էն
30/04/2021, 13:22