Մահացած անձերու դիակները Մահացած անձերու դիակները  

Իսրայէլի մէջ. Կրօնական արարողութեան ընթացքին մեծ արկած. Կան 40-է աւելի զոհեր

Վերջին տուեալներու համաձայն՝ միջադէպի հետեւանքով զոհուած է 44 եւ վիրաւորուած է 150 մարդ:

Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններէն մէկուն մէջ նշուած Լակ պա Օմեր կրօնական տօնակատարութեան ժամանակ հարթակի փլուզման հետեւանքով մարդիկ զոհուած են եւ՝ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը:

Համացանցի մէջ յայտնուած է պատահարի տեսանիւթը, որուն մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս ամբոխը, հարթակի փլուզումէն ետք, նեղ անցուղիով կը փորձէ դուրս գալ:

Վերջին տուեալներու համաձայն՝ միջադէպի հետեւանքով զոհուած է 44 եւ վիրաւորուած է 150 մարդ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մահուան դէպքերն ու վիրաւորումները հիմնական հարթակի փլատակներուն տակ մնալու հետեւանքով եղած են:

Տօնակատարութեան կազմակերպիչներու տուեալներով, մասնակիցներու թիւը գերազանցած է 100 հազարը:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 13:22