Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղարը
Չորեքշաբթի, 31 մարտ 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ ընդունեց Իրանէն հասած պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Համիտ Շահրիարի:
Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութեան մասին: Միաժամանակ, ան ընդգծեց վեհափառ հայրապետին ու կաթողիկոսութեան իւրայատուկ դերը միջկրօնական գործակցութիւն ու փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնելու այնքան հրամայական աշխատանքներուն մէջ:
Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը ողջունելով շէյխ Շահրիարի այցելութիւնը, յիշեց Իրան կատարած իր այցելութիւնները ու հանդիպումները կրօնական ու պետական պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Իրանի հայ համայնքը իր հոգեւոր առաջնորդներուն, պետական երեսփոխաններուն եւ մշակութային, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու ճամբով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Իրանի զարգացման: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց կրօններու կարեւոր դերը ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ պետութիւններու միջեւ համակեցութիւն, արդարութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու գծով:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ այդ ծիրին մէջ Իրանի կարեւոր դերին` երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծման ուղղութեամբ:
Քաղուած «Ազդակ» էն