Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղարը Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղարը 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղարը

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց կրօններու կարեւոր դերը ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ պետութիւններու միջեւ համակեցութիւն, արդարութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու գծով:

Չորեքշաբթի, 31 մարտ 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ ընդունեց Իրանէն հասած պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Համիտ Շահրիարի:

Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութեան մասին: Միաժամանակ, ան ընդգծեց վեհափառ հայրապետին ու կաթողիկոսութեան իւրայատուկ դերը միջկրօնական գործակցութիւն ու փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնելու այնքան հրամայական աշխատանքներուն մէջ:

Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը ողջունելով շէյխ Շահրիարի այցելութիւնը, յիշեց Իրան կատարած իր այցելութիւնները ու հանդիպումները կրօնական ու պետական պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Իրանի հայ համայնքը իր հոգեւոր առաջնորդներուն, պետական երեսփոխաններուն եւ մշակութային, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու ճամբով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Իրանի զարգացման: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց կրօններու կարեւոր դերը ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ պետութիւններու միջեւ համակեցութիւն, արդարութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու գծով:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ այդ ծիրին մէջ Իրանի կարեւոր դերին` երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծման ուղղութեամբ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2021, 09:12