Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակները
Ի տես արցախեան երկրորդ պատերազմին, Հայ օգնութեան միութիւնը «Որբախնամ» ծրագիրը վերանուանեց «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագիր: Այսօր հարիւրաւոր հայ երեխաներ մնացած են զուրկ` հայրական գուրգուրանքէ: Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի ստանձնեն անչափահաս երեխաներու խնամակալութիւնը: Տարեկան 330 տոլարի յատկացումը կրնայ երեխայի մը կեանքը բարեփոխել, որուն հայրը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:
Հայ օգնութեան միութեան կողմէ «Որբախնամ» ծրագիրը հաստատուած էր 1992 թուականին` նպատակ ունենալով Սպիտակի երկրաշարժին (1988) եւ արցախեան ազատագրական պայքարին պատճառով որբացած երեխաներուն հոգատարութիւնը հովանաւորել: Արդէն մօտ 30 տարիներու ընթացքին 7400 ծնողազուրկ երեխաներ հովանաւորուած են` ի պատիւ աւելի քան 4900 աշխարհասփիւռ խնամակալներու: 2012 թուականին նշուեցաւ այս ծրագրին 20-ամեակը, որմէ անմիջապէս ետք ծրագիրը անցաւ իր յաջորդ փուլին:
Ծրագրին սկզբնական օրէն մինչեւ այսօր աւելի քան 5.300.000 ամերիկեան տոլար յատկացուած է այս նպատակով:
Իւրաքանչիւր հովանաւոր պարտի համաձայն գտնուիլ իր նուիրատուութիւնները կատարելու մինչեւ երեխան լրացնէ 18 տարիքը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի միաւորին կամ ուղղակի այցելել ՀՕՄ-ի կայքէջը` www.ars1910.org/ars-sponsorships:
Արցախեան պատերազմին առաջին իսկ օրէն ՀՕՄ-ը, իր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն ընդմէջէն, զանազան միջոցներով կ՛օժանդակէ` տեղահան եղած արցախահայ ընտանիքներուն, երեխաներուն, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցի վերականգնողական բաժնին:
ՀՕՄ-ի մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել www.ars1910.org կամ ընկերային ցանցերը, Դիմատետր` ARS1910, Twitter; @ars1910, Instagram; ars_1910:
Քաղուած «Ազդակ» էն