Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակները Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակները 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակները

Իւրաքանչիւր հովանաւոր պարտի համաձայն գտնուիլ իր նուիրատուութիւնները կատարելու մինչեւ երեխան լրացնէ 18 տարիքը:

Ի տես արցախեան երկրորդ պատերազմին, Հայ օգնութեան միութիւնը «Որբախնամ» ծրագիրը վերանուանեց «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագիր: Այսօր հարիւրաւոր հայ երեխաներ մնացած են զուրկ` հայրական գուրգուրանքէ: Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի ստանձնեն անչափահաս երեխաներու խնամակալութիւնը: Տարեկան 330  տոլարի յատկացումը կրնայ երեխայի մը կեանքը բարեփոխել, որուն հայրը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Հայ օգնութեան միութեան կողմէ «Որբախնամ» ծրագիրը հաստատուած էր 1992 թուականին` նպատակ ունենալով Սպիտակի երկրաշարժին (1988) եւ արցախեան ազատագրական պայքարին պատճառով որբացած երեխաներուն հոգատարութիւնը հովանաւորել: Արդէն մօտ 30 տարիներու ընթացքին 7400 ծնողազուրկ երեխաներ հովանաւորուած են` ի պատիւ աւելի քան 4900 աշխարհասփիւռ խնամակալներու: 2012 թուականին նշուեցաւ այս ծրագրին 20-ամեակը, որմէ անմիջապէս ետք ծրագիրը անցաւ իր յաջորդ փուլին:

Ծրագրին սկզբնական օրէն մինչեւ այսօր աւելի քան 5.300.000 ամերիկեան տոլար յատկացուած է այս նպատակով:

Իւրաքանչիւր հովանաւոր պարտի համաձայն գտնուիլ իր նուիրատուութիւնները կատարելու մինչեւ երեխան լրացնէ 18 տարիքը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի միաւորին կամ ուղղակի այցելել ՀՕՄ-ի կայքէջը` www.ars1910.org/ars-sponsorships:

Արցախեան պատերազմին առաջին իսկ օրէն ՀՕՄ-ը, իր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն ընդմէջէն, զանազան միջոցներով կ՛օժանդակէ` տեղահան եղած արցախահայ ընտանիքներուն, երեխաներուն, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցի վերականգնողական բաժնին:

ՀՕՄ-ի մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել www.ars1910.org կամ ընկերային ցանցերը, Դիմատետր` ARS1910, Twitter; @ars1910, Instagram; ars_1910:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 08:05