Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած Հայկական գերեզմաննոցին վրայ դրամատան մասնաճիւղ մը կը փորձեն կառուցել
Անգարայի մէջ, դրամատան մը նոր շէնքի կառուցման նպատակով կատարուած աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ: Կարգ մը արխիւներու համաձայն՝ նշուած տարածքին մէջ նախապէս եղած է հայկական եւ կաթոլիկ գերեզմաննոց մը: Մեկնելով այդ փաստէն՝ Թուրքիոյ Ճարտարապետներու պալատը կոչ ըրած է՝ դադրեցնելու շինարարական աշխատանքները:
Ըստ Ճարտարապետներու պալատի Անգարայի բաժինի տնօրէն Թեզճան Քարաքուշ Ճանտանի՝ պաշտօնական աղբիւրները կը վկայեն, որ նշեալ տարածքին վրայ նախապէս ո՛չ միայն գերեզմաննոց եղած է, այլեւ՝ եկեղեցի եւ բաղնիք:
«Հակառակ անոր՝ շինարարական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին: Ասիկա անարգալից վերաբերմունք է Անատոլիոյ բազմամշակութային կառուցուածքին նկատմամբ: Այս մարդու իրաւունքներու խախտում է եւ բարբարոսութիւն», նշեց Ճանտան:
Քաղուած «Ասպարէզ»էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ