Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած Հայկական գերեզմաննոցին վրայ դրամատան մասնաճիւղ մը կը փորձեն կառուցել Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած Հայկական գերեզմաննոցին վրայ դրամատան մասնաճիւղ մը կը փորձեն կառուցել 

Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած Հայկական գերեզմաննոցին վրայ դրամատան մասնաճիւղ մը կը փորձեն կառուցել

Նշեալ տարածքին վրայ նախապէս ո՛չ միայն գերեզմաննոց եղած է, այլեւ՝ եկեղեցի եւ բաղնիք:

Անգարայի մէջ, դրամատան մը նոր շէնքի կառուցման նպատակով կատարուած աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ: Կարգ մը արխիւներու համաձայն՝ նշուած տարածքին մէջ նախապէս եղած է հայկական եւ կաթոլիկ գերեզմաննոց մը: Մեկնելով այդ փաստէն՝ Թուրքիոյ Ճարտարապետներու պալատը կոչ ըրած է՝ դադրեցնելու շինարարական աշխատանքները:

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ Ճարտարապետներու պալատի Անգարայի բաժինի տնօրէն Թեզճան Քարաքուշ Ճանտանի՝ պաշտօնական աղբիւրները կը վկայեն, որ նշեալ տարածքին վրայ նախապէս ո՛չ միայն գերեզմաննոց եղած է, այլեւ՝ եկեղեցի եւ բաղնիք:

«Հակառակ անոր՝ շինարարական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին: Ասիկա անարգալից վերաբերմունք է Անատոլիոյ բազմամշակութային կառուցուածքին նկատմամբ: Այս մարդու իրաւունքներու խախտում է եւ բարբարոսութիւն», նշեց Ճանտան:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2021, 08:19