Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` զարմանք յայտնելով, որ տակաւին ոմանք հարց կու տան, թէ ժողովուրդը ինչո՞ւ ընդվզած է:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Ուեհպէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք Գահիրէէն վերադարձին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին հետ եւ անոր յայտնած իր դիտողութիւններն ու ընդվզումը իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ Պքերքէի եւ Ռայի պատրիարքին դէմ կեցուածքներ սփռելու պատճառով:
«Այս իմաստով Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա ինծի յայտնեց, թէ Թեհրան կը դատապարտէ նման արարքներ», ըսաւ ան:
Ուեհպէ հաստատեց, որ ինք այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆիրուզնիայի հետ:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ իրենք կատարելապէս կը բաժնեն Ռայի պատրիարքին մտավախութիւնները:
Ան հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղած է հանրապետութեան նախագահին եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու` փրկելու համար Լիբանանը:
Խազեն անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեան զօրակցիլ:
Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ խորհրդակցութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Խազեն յայտնեց, որ վաղը` երեքշաբթի, 9 մարտ 2021-ին, Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միացեալ յանձնախումբը պիտի գումարէ միացեալ նիստ մը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ երկխօսութեան մը, «որ կը մաղթենք արդիւնաբեր կ՛ըլլայ Լիբանանի շահերը ապահովելու առումով», ըսաւ ան:
Քաղուած «Ազդակ»էն