«2030 թուականին աշխարհը պիտի բախի ջուրի համաշխարհային 40 առ հարիւր բացի» կ՛ըսէ Եունեսքօ
Ջրային հարստութիւններու պահպանման համար աշխարհը բաւարար ջանքեր չի գործադրեր, եւ այժմ այդ հարցին ճիշդ գնահատումը աւելի քան կարեւոր դարձած է: Այս մասին կը նշուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տարեկան զեկուցումին մէջ, որ հրապարակուած է ջրային հարստութիւններու համաշխարհային օրուան առիթով:
«Ջուրը մեր ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնն է` «երկնագոյն ոսկին», որուն աւելի քան 2 միլիառ մարդ հասանելիութիւն չունի: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է գոյատեւման համար, այլ նաեւ առողջապահական, ընկերային եւ մշակութային դեր կը խաղայ մարդկային հասարակութիւններուն մէջ», յայտարարած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ:
Այս խնդիրը մանրամասնօրէն կը բացայայտուի 200 էջնոց զեկուցումին մէջ, որուն հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ ջուրի արժէքը պէտք է չափել` մեկնելով ո՛չ միայն ատոր շուկայական գինէն, այլ նաեւ այն օգուտներէն, որոնք կրնան բերել ատոր բաշխումը: Նոյն ատեն անոնք կ՛ընդունին, որ առայժմ չկայ ընդհանուր ճանաչում ունեցող բնորդ, որ թոյլ պիտի տար նման գնահատական տալ:
Զեկուցումին մէջ անկախ գիտնականները կը պնդեն. «2030 թուականին աշխարհը պիտի բախի ջուրի 40 առ հարիւրի համաշխարհային բացի հետ», եւ կացութիւնը պիտի խորանայ այլ համաշխարհային խնդիրներու, ներառեալ համաճարակի հետեւանքներու պատճառով:
Զեկուցումի հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ ներկայիս առողջապահական ճգնաժամի լոյսին տակ մարմնի մաքրութեան պահանջներու բաւարարման համար երկրի բնակիչները ջուրով ապահովելու խնդիրը դարձած է առաւել քան արդիական:
Քաղուած «Ազդակ»էն