Սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը` Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու սգակիրներու մոմավառութիւն
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատական հետաքննութեան նոր դատաւորի նշանակման զուգահեռ, պայթումի զոհերու սգակիրներ շաբաթավերջին մէկէ աւելի շրջաններու մէջ մոմավառութեամբ հանդէս եկան` իրենց բողոքը արտայայտելով ցուցաբերուող «դատական հետաքննութեանց ձգձգումի քաղաքականութեան» դէմ:
Արդարեւ, շաբաթ օր եւ երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին (պայթումի ժամուն) սգակիրներ համախմբուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի 3-րդ դրան մուտքին եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ եւ մոմավառութեամբ նշեցին իրենց զոհերուն յիշատակը` եկեղեցական ղօղանջներու եւ մզկիթի աղօթքներու մթնոլորտին մէջ: Սգակիրները սպառնացին սաստկացնել իրենց բողոքի ելոյթները, եթէ նոր դատաւորը եւս շարունակէ ձգձգել իրենց հարցը: Անոնք յաղթանակ նկատեցին նոր դատաւորի նշանակումը` դիտել տալով, որ որոշ ժամանակով առիթ պիտի տան անոր` հաւաքագրելու իր թղթածրարները եւ պատշաճ լուծում տնօրինելու:
Սգակիրներուն իբրեւ զօրակցութիւն, մոմավառութեամբ ելոյթ ունեցան նաեւ Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակի, ինչպէս նաեւ Քլէյհայի բնակիչներ եւ որոշ ժամանակով փակեցին շրջանի մայրուղիները:
Քաղուած Ազդակ էն