Պէյրութի աւերակ նաւահանգիստը Պէյրութի աւերակ նաւահանգիստը 

Սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը` Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու սգակիրներու մոմավառութիւն

Շաբաթ օր եւ երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին (պայթումի ժամուն) սգակիրներ համախմբուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի 3-րդ դրան մուտքին եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ եւ մոմավառութեամբ նշեցին իրենց զոհերուն յիշատակը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատական հետաքննութեան նոր դատաւորի նշանակման զուգահեռ, պայթումի զոհերու սգակիրներ շաբաթավերջին մէկէ աւելի շրջաններու մէջ մոմավառութեամբ հանդէս եկան` իրենց բողոքը արտայայտելով ցուցաբերուող «դատական հետաքննութեանց ձգձգումի քաղաքականութեան» դէմ:

Արդարեւ, շաբաթ օր եւ երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին (պայթումի ժամուն) սգակիրներ համախմբուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի 3-րդ դրան մուտքին եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ եւ մոմավառութեամբ նշեցին իրենց զոհերուն յիշատակը` եկեղեցական ղօղանջներու եւ մզկիթի աղօթքներու մթնոլորտին մէջ: Սգակիրները սպառնացին սաստկացնել իրենց բողոքի ելոյթները, եթէ նոր դատաւորը եւս շարունակէ ձգձգել իրենց հարցը: Անոնք յաղթանակ նկատեցին նոր դատաւորի նշանակումը` դիտել տալով, որ որոշ ժամանակով առիթ պիտի տան անոր` հաւաքագրելու իր թղթածրարները եւ պատշաճ լուծում տնօրինելու:

Սգակիրներուն իբրեւ զօրակցութիւն, մոմավառութեամբ ելոյթ ունեցան նաեւ Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակի, ինչպէս նաեւ Քլէյհայի բնակիչներ եւ որոշ ժամանակով փակեցին շրջանի մայրուղիները:

Քաղուած Ազդակ էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2021, 08:36