Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ սպաննուած է Իտալիոյ դեսպանը
Քոնկոյի «Աքթուալիթէ» կայքը նախապէս յայտնած է, որ Հիւսիսային Իւուի նահանգի Կոմա քաղաքի շրջանին մէջ յարձակումը կատարուած է ՄԱԿ¬ի Պարենաւորման համաշխարհային կազմակերպութեան ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ:
Երէկ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ Իտալիոյ դեսպան Լուքա Աթանասիոն սպաննուած է երկրի արեւելքին մէջ զինեալ յարձակումի մը պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ:
Քոնկոյի «Աքթուալիթէ» կայքը նախապէս յայտնած է, որ Հիւսիսային Իւուի նահանգի Կոմա քաղաքի շրջանին մէջ յարձակումը կատարուած է ՄԱԿ¬ի Պարենաւորման համաշխարհային կազմակերպութեան ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ:
Քանի մը ինքնաշարժներ ինկած են անծանօթ զինեալներու կողմէ լարուած թակարդը: Անոնց նպատակը եղած է պատանդներու առեւանգումը:
Քաղուած «Ազդակ» էն
23/02/2021, 11:16