Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ սպաննուած է Իտալիոյ դեսպանը Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ սպաննուած է Իտալիոյ դեսպանը 

Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ սպաննուած է Իտալիոյ դեսպանը

Քոնկոյի «Աքթուալիթէ» կայքը նախապէս յայտնած է, որ Հիւսիսային Իւուի նահանգի Կոմա քաղաքի շրջանին մէջ յարձակումը կատարուած է ՄԱԿ¬ի Պարենաւորման համաշխարհային կազմակերպութեան ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ:

Երէկ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ Իտալիոյ դեսպան Լուքա Աթանասիոն սպաննուած է երկրի արեւելքին մէջ զինեալ յարձակումի մը պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ:

Քոնկոյի «Աքթուալիթէ» կայքը նախապէս յայտնած է, որ Հիւսիսային Իւուի նահանգի Կոմա քաղաքի շրջանին մէջ յարձակումը կատարուած է ՄԱԿ¬ի Պարենաւորման համաշխարհային կազմակերպութեան ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ:

Քանի մը ինքնաշարժներ ինկած են անծանօթ զինեալներու կողմէ լարուած թակարդը: Անոնց նպատակը եղած է պատանդներու առեւանգումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2021, 11:16