Ռայի Պատրիարք. «Ներքին լուծումները ջրելու քայլերը մեզի կը մղեն Լիբանանը փրկելու համար ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն խնդրելու»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մար Մարունի առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու` վերահաստատելու համար անոր գոյութիւնը եւ արգիլելու անոր փլուզումը:
«Լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ մրցակցութիւնը պատճառ կը դառնայ ներքին լուծումները ջրելու քայլերուն, որոնք իրենց կարգին մեզ կը մղեն Լիբանանը փրկելու համար ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն խնդրելու», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կարիքը ունին միջազգային խիստ դերակատարութեան եւ նախկին միջազգային որոշումներուն գործադրութեան, առանց մասնատելու այդ որոշումները, «նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ նոր որոշումներ արձակել», ըսաւ ան:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ` շնորհաւորելով Մար Մարունի տօնը:
Նշենք, որ Պքերքէ այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ Ռայի պատրիարքին յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները, եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի գոյութենական տագնապ մը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլը, որ գնահատեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` հաստատելով, որ իրենք կը բաժնեն այդ մտահոգութիւնները:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք անվախ կերպով պիտի շարունակեն պայքարիլ` ընդգծելով, որ Լիբանան իր բարեկամ երկիրներուն կարիքը ունի:
Ան Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց Մար Մարունի տօնին առիթով եւ ընդգծեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու լիբանանցիները` աւելցնելով, որ այս առումով ոչ մէկ նահանջ կամ սակարկում կայ:
Պէտք է աւելցնել, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը իր նիստին ընթացքին բարձր գնահատեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` շեշտելով, որ անոնք կը դրսեւորեն լիբանանցիներուն մեծամասնութեան մտավախութիւնը:
Քաղուած «Ազդակ» էն