Ռայի Պատրիարք. Ռայի Պատրիարք.  

Ռայի Պատրիարք. «Ներքին լուծումները ջրելու քայլերը մեզի կը մղեն Լիբանանը փրկելու համար ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն խնդրելու»

«Լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ մրցակցութիւնը պատճառ կը դառնայ ներքին լուծումները ջրելու քայլերուն, որոնք իրենց կարգին մեզ կը մղեն Լիբանանը փրկելու համար ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն խնդրելու», ըսաւ Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մար Մարունի առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու` վերահաստատելու համար անոր գոյութիւնը եւ արգիլելու անոր փլուզումը:

«Լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ մրցակցութիւնը պատճառ կը դառնայ ներքին լուծումները ջրելու քայլերուն, որոնք իրենց կարգին մեզ կը մղեն Լիբանանը փրկելու համար ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն խնդրելու», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կարիքը ունին միջազգային խիստ դերակատարութեան եւ նախկին միջազգային որոշումներուն գործադրութեան, առանց մասնատելու այդ որոշումները, «նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ նոր որոշումներ արձակել», ըսաւ ան:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ` շնորհաւորելով Մար Մարունի տօնը:

Նշենք, որ Պքերքէ այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ Ռայի պատրիարքին յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները, եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի գոյութենական տագնապ մը:

Ռայի պատրիարքին այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլը, որ գնահատեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` հաստատելով, որ իրենք կը բաժնեն այդ մտահոգութիւնները:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք անվախ կերպով պիտի շարունակեն պայքարիլ` ընդգծելով, որ Լիբանան իր բարեկամ երկիրներուն կարիքը ունի:

Ան Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց Մար Մարունի տօնին առիթով եւ ընդգծեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու լիբանանցիները` աւելցնելով, որ այս առումով ոչ մէկ նահանջ կամ սակարկում կայ:

Պէտք է աւելցնել, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը իր նիստին ընթացքին բարձր գնահատեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` շեշտելով, որ անոնք կը դրսեւորեն լիբանանցիներուն մեծամասնութեան մտավախութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2021, 08:18