Պորել շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:
Պորել, ըստ այնմ, կարեւոր նկատած է խաղաղութեան հաստատման ու հաշտեցման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ծիրին մէջ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Եւրոպացի պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պիտի արտօնէ ջանքեր գործադրել տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ կանխարգիլել մարդկային հետագայ կորուստները: Պորել նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու տագնապէն վնասուած քաղաքացիական բնակչութեան կարիքներու բաւարարման համար:
Քաղուած «Ազդակ»էն