Արցախի մէջ հայկական եկեղեցի Արցախի մէջ հայկական եկեղեցի 

Պորել շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը

Եւրոպացի պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պիտի արտօնէ ջանքեր գործադրել տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ կանխարգիլել մարդկային հետագայ կորուստները

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:

Պորել, ըստ այնմ, կարեւոր նկատած է խաղաղութեան հաստատման ու հաշտեցման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ծիրին մէջ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Եւրոպացի պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պիտի արտօնէ ջանքեր գործադրել տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ կանխարգիլել մարդկային հետագայ կորուստները: Պորել նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու տագնապէն վնասուած քաղաքացիական բնակչութեան կարիքներու բաւարարման համար:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 08:30