«Կը շարունակենք աջակցիլ Հայ ժողովուրդին». Գանատայի արտաքին գործոց նախարար
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատա կը շարունակէ աջակցիլ հայ ժողովուրդին՝ նոյն ժամանակ ակնկալելով, որ Ատրպէյճան պիտի յարգէ ու պիտի պահպանէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Այս մասին կ՛ըսուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Շամփայնի յայտարարութեան մէջ:
Ան հաստատեց, որ Գանատան ի գիտութիւն ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման հաստատումը:
«Կ՛աշխատինք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ վերջին այս զարգացման պայմանները եւ հետեւանքները ուսումնասիրելու համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ատրպէյճան խստօրէն պիտի յարգէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ ռազմական գործողութիւնները վերջնականապէս պիտի դադրին՝ առանց յապաղելու: Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Թուրքիա պէտք չէ միջամտէ այս հակամարտութեան», կը յայտնէ Շամփայն:
Ըստ անոր՝ ինք կանոնաւոր կապի մէջ է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ՝ հասկնալու համար, թէ այս ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին Գանատն ինչպէ՛ս կրնայ շարունակել աջակցիլ հայ ժողովուրդին, որուն հետ կապուած են մարդկային ամուր կապերով եւ արժէքներով: Շամփայն շեշտեց նաեւ, որ բոլոր կողմերը պէտք է բանակցին՝ հասնելու մնայուն եւ խաղաղ կարգաւորման՝ հաստատուած կրակի դադրեցումէն ետք եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:
Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդին, որուն հետ մարդկային սերտ կապեր ունինք»:
Քաղուած «Ասպարէզ» էն