Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Շամփայն Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Շամփայն 

«Կը շարունակենք աջակցիլ Հայ ժողովուրդին». Գանատայի արտաքին գործոց նախարար

«Կ՛աշխատինք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ վերջին այս զարգացման պայմանները եւ հետեւանքները ուսումնասիրելու համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ատրպէյճան խստօրէն պիտի յարգէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ ռազմական գործողութիւնները վերջնականապէս պիտի դադրին՝ առանց յապաղելու:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատա կը շարունակէ աջակցիլ հայ ժողովուրդին՝ նոյն ժամանակ ակնկալելով, որ Ատրպէյճան պիտի յարգէ ու պիտի պահպանէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Այս մասին կ՛ըսուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Շամփայնի յայտարարութեան մէջ:

Ան հաստատեց, որ Գանատան ի գիտութիւն ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման հաստատումը:

«Կ՛աշխատինք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ վերջին այս զարգացման պայմանները եւ հետեւանքները ուսումնասիրելու համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ատրպէյճան խստօրէն պիտի յարգէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ ռազմական գործողութիւնները վերջնականապէս պիտի դադրին՝ առանց յապաղելու: Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Թուրքիա պէտք չէ միջամտէ այս հակամարտութեան», կը յայտնէ Շամփայն:

Ըստ անոր՝ ինք կանոնաւոր կապի մէջ է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ՝ հասկնալու համար, թէ այս ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին Գանատն ինչպէ՛ս կրնայ շարունակել աջակցիլ հայ ժողովուրդին, որուն հետ կապուած են մարդկային ամուր կապերով եւ արժէքներով: Շամփայն շեշտեց նաեւ, որ բոլոր կողմերը պէտք է բանակցին՝ հասնելու մնայուն եւ խաղաղ կարգաւորման՝ հաստատուած կրակի դադրեցումէն ետք եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:

Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդին, որուն հետ մարդկային սերտ կապեր ունինք»:

Քաղուած  «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2020, 07:40