Աթէնք կը սպառնայ ուժի դիմել, եթէ Թուրքիա չհեռանայ յունական կղզիներուն մօտէն
ԱԹԷՆՔ, «Ամերիկայի Ձայն».- Յունաստանի ծովային ուժերը տագնապի նարնջագոյն մակարդակ յայտարարեցին 21 Հոկտեմբերին, Եգէական ծովուն մէջ շարք մը կղզեակներու նկատմամբ Թուրքիոյ կողմէ թշնամական գործողութիւններուն դէմ դնելու նպատակով:
Յունաստանի զինուած ուժերէն պաշտօնատարներ «Ամերիկայի Ձայն»ին տեղեկացուցին, որ յունական ռազմական նաւերը շրջափակած են Քասթելորիզօ կղզին եւ անոնց յարակից անմարդաբնակ շարք մը կղզիակներ, պաշտպանելու համար յունական պատկանելութեան տակ գտնուող այս տարածքները:
Թուրքիա այս ամսուան սկիզբը հոն ղրկած էր հետախուզական նաւ մը, երկու երկիրները դարձեալ դնելով պատերազմի հաւանականութեան առջեւ:
Ամերիկա եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներ այդ օրերէն ի վեր կը փորձեն երկու կողմերը բերել բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Թրքական հետախուզական նաւը ներկայիս կը գտնուի Կաստելորիզօ կղզիէն միայն 14 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Նաւը, որ ըստ թրքական կողմին, կ՛իրականացնէ հետազօտական աշխատանքներ, կը գործէ թրքական ռազմանաւերու եւ սուզանաւերու հսկողութեան տակ:
Այժմ շրջանին մէջ կը գտնուին յունական առաւել քան 60 նաւեր:
Անգարա կը պնդէ, որ այս տարածքը կը գտնուի կազի եւ քարիւղի պաշարներու հետազօտութիւններ կատարելու՝ իր կողմէ սահմանագծուած իրաւասութեան ծիրին մէջ:
Յունաստանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները կը նախազգուշացնեն, որ Յունաստանի ինքնիշխանութեան որեւէ ոտնահարում պիտի արժանանայ ռազմական ուժերու կողմէ պատասխանի:
ՆԱԹՕի երկու դաշնակիցներուն միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուին բնական պաշարներու եւ ծովային տարածքներու պատկանելութեան շուրջ տարակարծնութիւնները:
Աթէնք ներկայիս կը փորձէ համոզել Եւրոպական Միութիւնը, որ դադրեցնէ զէնքերու վաճառքը Թուրքիոյ եւ այլ պատժամիջոցներ կիրառէ անոր դէմ, սակայն Գերմանիա եւ քանի մը այլ երկիրներ ցարդ կ՛ընդդիմանան:
Քաղուած «Ասպարէզ» էն