Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ չորեքշաբթի օր՝ 17 Յունիսի ժամը 18-ին, Իտալական «Ռոնտինէ - Ծիծեռնակ» եւ Անգլիական «Rondine International Peace Lab» ընկերակցութիւններու Ֆէյսպուքեան էջերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ «Voices for the Caucasus» վերտառութեամբ առցանց հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ համալսարանական աշակերտներ, միասին զրուցելու համար յետ համաճարակի աշխարին մէջ երիտասարդութեան ղեկավարութեան նիւթին շուրջ։
Դեսպաններու շարքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան՝ վսեմաշուք Տիար Կարէն Նազարեանը ինչպէս նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Լարիզա անունով աշակերտուհին։
«Ռոնտինէ - Ծիծեռնակ» ընկերակցութիւնը ծնունդ առած է 1997 թուականին Իտալիոյ Արեցցօ Քաղաքին մէջ, նպատակ ունենալով խթանել խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մշակոյթ մը ու յատկապէս գործելով տարբեր երկիրներէն ժամանած անձերու հետ, որոնք ապրած են կամ կ՛ապրին պատերազմի եւ հակամարտութեան փորձառութիւնը։