Ռոնտինէ ընկերակցութեան կեդրոնը Ռոնտինէ ընկերակցութեան կեդրոնը  

Դեսպան Կարէն Նազարեանը կը մասնակցի «Ձայներ Կովկասի համար» Ֆէյսպուքեան ձեռնարկին։

Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ համալսարանական աշակերտներ, միասին զրուցելու յետ համաճարակի աշխարին մէջ երիտասարդութեան ղեկավարութեան նիւթին շուրջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ չորեքշաբթի օր՝ 17 Յունիսի ժամը 18-ին, Իտալական «Ռոնտինէ - Ծիծեռնակ» եւ Անգլիական «Rondine International Peace Lab»  ընկերակցութիւններու Ֆէյսպուքեան էջերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ «Voices for the Caucasus» վերտառութեամբ  առցանց հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ համալսարանական աշակերտներ, միասին զրուցելու համար յետ համաճարակի աշխարին մէջ երիտասարդութեան  ղեկավարութեան նիւթին շուրջ։

Դեսպաններու շարքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան՝ վսեմաշուք Տիար Կարէն Նազարեանը ինչպէս նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Լարիզա անունով աշակերտուհին։

«Ռոնտինէ - Ծիծեռնակ» ընկերակցութիւնը ծնունդ առած է 1997 թուականին Իտալիոյ Արեցցօ Քաղաքին մէջ, նպատակ ունենալով խթանել խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մշակոյթ մը ու յատկապէս գործելով տարբեր երկիրներէն ժամանած անձերու հետ, որոնք ապրած են կամ կ՛ապրին պատերազմի եւ հակամարտութեան փորձառութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2020, 08:10